Երկուշաբթի գիշեր, Լոնտոնի մէջ, Լըպրոն Ճէյմս նշանակեց Միացեալ Նահանգներու վերջին 11 կէտերը, որոնց շնորհիւ անոնք կրցան յաղթական դուրս գալ Գերմանիոյ դէմ` 92-88 արդիւնքով:
Ողիմպիական մրցումներու պատրաստութիւններուն գծով իր վերջին մրցումին, Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական տղոց խումբին դրօշը կրող Լը Պրոն Ճէյմս 20 կէտ նշանակեց:
«Լաւ փորձ մըն էր մեզի համար, եւ ուրախ եմ, որ անգամ մը եւս պահեցինք մեր յառաջխաղացքը, ինչպէս որ կատարեցինք քանի մը օր առաջ հարաւային Սուտանի դէմ: Լաւ յաղթանակ մըն էր մեզի համար», ըսաւ Ճէյմս:
Գերմանիա, որ 2023-ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր, ունեցաւ շատ լաւ մրցում, որուն ընթացքին Ֆրանց Վակնըր (18 կէտ), Անտրէաս Օպսթ (Միացեալ Նահանգներու դէմ կիսաւարտականի յաղթանակի աստղը 14 կէտ նշանակեց այս անգամ), Տենիս Շրոտըր (13 կէտ եւ 10 էսիսթ), Տանիէլ Թայս (13 կէտ) եւ Մորից Վակնըր (12 կէտ) եղան լաւագոյն մարզիկները:
Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանութեան կիսաւարտականին յաղթելէ ետք Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիա աւարտականին յաղթած էր Սերպիոյ: Միացեալ Նահանգներ իրենց յաջորդական 5-րդ մրցումը յաղթեցին իրենց փորձ մրցումներուն, ուր միայն Սերպիոյ վրայ կրցան ամբողջականօրէն տիրապետել:
Առաջին մրցումին, Քանատայի դէմ (86-72) Անթոնի Էտուըրտծ 13 կէտ նշանակած էր, ապա Աւստրալիոյ դէմ (98-92) Անթոնի Տէյվիս 17 կէտ եւ 14 ռիպաունտ: 3-րդ մրցումին Սերպիոյ դէմ (105-79) Սթեֆըն Քըրի 24 կէտ նշանակած էր:
4-րդ մրցումին հարաւային Սուտանի դէմ Լըպրոն Ճէյմս 23 կէտ նշանակած էր, իսկ վերջին մրցումին Գերմանիոյ դէմ (92-88) անգամ մը եւս Ճէյմս փրկած էր կացութիւնը:
«Ամէն ձեւի փորձառութիւն ունինք: Այժմ յստակ է, որ պէտք է փայլինք, երբ լուսարձակը վրանիս ըլլայ Ողիմպիական մրցումներուն: Կարծեմ պատրաստ ենք, եւ պէտք է արդիւնքը քաղենք այս մրցաշարքին», ըսաւ Սթեֆ Քըրի:
Յաջորդական 2-րդ մրցումը ըլլալով, Միացեալ Նահանգներ 21 կէտով ետ մնացին 3 կէտի կողովներով, եւ ասիկա քիչ մնաց պատճառ ըլլար Միացեալ Նահանգներու պարտութեան:
Գերմանիա 45 կողովներէն 13-ը կրցաւ նշանակել, մինչ Միացեալ Նահանգներ 17-էն 6-ը նշանակեց: Հարաւային Սուտանի դէմ մրցումին արդիւնքը 42-21 էր 3 կէտով կողովներուն:
Միացեալ Նահանգներ այլ հարց մըն ալ ունին… թըրնօվըրները: Գերմանիոյ դէմ 14 թըրնօվըր (գնդակ կոսնցնել) կատարելը (Գերմանիա` 7 թըրնօվըր) խումբին վրայ ծանր ազդեց:
«Չեմ կարծեր տակաւին, որ մեր լաւագոյնը տուինք», ըսաւ Քըրի: Պէտք է ըսել, որ Միացեալ Նահանգներու աստղերէն Քեւըն Տիւրենթ տակաւին մրցում չկատարեց, եւ մկանային հարցեր ունենալով միայն կը մասնակցի փորձերուն:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ այս կիրակի ժամը 18:15-ին պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը Սերպիոյ դէմ, Ողիմպիականի մրցումներուն գծով: