Հայաստանի երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ազգային խումբի մարզիկներէն Անդրանիկ Յակոբեան Վալենսիայի երիտասարդներու ակումբէն փոխադրուեցաւ այլ սպանական ակումբ` Տեփորթիւօ Ալավես:
Ան յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի Ալավես Գ. պահեստի խումբէն, որ կը մասնակցի Սպանիոյ Ե. դասակարգի ախոյեանութեան:
18 տարեկան Անդրանիկ Յակոբեան Վալենսիա փոխանցուած էր ձմրան փոխանցումներուն ժամանակ եւ 11 մրցումի մասնակցած: Ան նախապէս կը խաղար Էլչէի երիտասարդներու խումբին հետ:
Յիշեցնենք, որ Անդրանիկ նախապէս հրաւիրուած էր Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբ, սակայն դաշտ չէր ներկայացած: