Լոնտոնի Չելսի ակումբի բերդապահ Քեփա Արիսապալսկա կրնայ փոխարինուիլ Ռէալ Մատրիտի ուքրանացի բերդապահ Անտրէ Լունինի հետ:
Ըստ «ԱՍ» օրաթերթին, Քեփան կը ցանկայ մնալ Ռէալի հետ (անցեալ եղանակին փոխ տրուած էր սպանական ակումբին) նոյնիսկ իբրեւ պահեստի բերդապահ` պելճիքացի Թիպօ Քուրթուայի կողքին:
Լունին իր կարգին կը ցանկայ հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն, քանի կը նախատեսէ, որ ան պիտի նստի պահեստի աթոռին վրայ, Քուրթուայի ետին: Կը նշուի, որ Ռէալ համաձայն է փոխանակել երկու բերդապահները, սակայն որոշ նիւթական վճարումի մը յաւելեալ ծախսով մը, որուն չափը տակաւին յստակ չէ:
Նշենք, որ անցեալ տարի Քեփա 20 մրցում կատարեց Ռէալ Մատրիտի հետ` ստանալով 18 կոլ, եւ 8 անգամ յաջողեցաւ անառիկ պահել իր բերդը: