Լոնտոնի Չելսի ակումբէն 12 ֆութպոլիստներ կրնան հեռանալ, որովհետեւ անոնք նոր մարզիչ Էնցօ Մարեսքսիի ծրագիրին մէջ չկան:
Բերդապահներ Քեփա Արիսապալակա, Ճորճէ Փետրովիչ եւ Կապրիել Սլոնինա, յետսապահներ Պենճամին Զիլուել, Թրեւօ Չալոփա, Մալանկ Սարր, միջնապահներ Չեզարէ Քազատէյ եւ Անտրէյ Սանթոս, ինչպէս նաեւ յառաջապահներ Ռահիմ Սթերլինկ, Տադրօ Ֆոֆանա, Ռոմելու Լուքաքու եւ Արմանտօ Պրոյա, արդէն իսկ նոր ակումբներու հետ կապի մէջ մտած են: Սարտ հաւանաբար միանայ ֆրանսական Լանսին: