Իտալացի ծայրի յարձակող Ֆետերիքօ Քիելա իր վերջին տարեշրջանը պիտի բոլորէ Եուվենթուս ակումբին հետ: Եուվենթուս գոհ չէ Քիեզայէն եւ ամէն գնով կ՛ուզէ «ծախել» զայն` օգտուելու համար անոր փոխարէն եկած դրամէն, սակայն ոչ մէկ ակումբ առայժմ կ՛ուզէ դրամով գնել Քիեզան: Նախապէս Պայերն Միւնիխ հետաքրքրուած էր Քիեզայով, բայց հիմա, որ այլ մարզիկներ ձեռք ձգած է, այլեւս նպատակ չունի Քիեզան միացնելու մասին մտածելու:
Ինթեր Միլան հետաքրքրուած է Քիեզայով, սակայն կը նախընտրէ ապասել անոր պայմանագրութեան աւարտին, յառաջիկայ ամառ:
Իտալացի ֆութպոլին եւ Եուվէի միջեւ ալ բանակցութիւնները փակ ճամբայ հասած են, մանաւանդ որ խումբի նոր մարզիչ Թիակօ Մոթա իր ծրագիրին մէջ չունի Քիեզան:
Վերջերս, Ա. Էս. Ռոմա հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր միացնելու Քիեզան եւ մտադիր էր տարեկան 5,5 միլիոն եուրօ վճարելու, բայց երկու կողմերը համաձայնութիւն չեն կնքած:
Անցեալ տարեշրջանին, Քիեզան 37 մրցումներու մասնակցած է Եուվէի հետ` նշանակելով 10 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ: