Հայաստանի հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ըմբշամարտի համաշխարհային ֆետերասիոնը «Հոլ օֆ Ֆէյմ»-ի իր պատուոյ ցանկին վրայ աւելցուց Լեւոն Ճուլֆալաքեանի անունը` ըմբշամարտի մէջ ունեցած իր բացառիկ նուաճումներուն եւ մեծ աւանդին շնորհիւ:
Պարգեւատրման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 օգոստոսին, Փարիզի մէջ, «Ռեսըլինկ Հաուս»-ի մէջ: