Երէկ յայտարարուեցաւ, թէ Ֆրանսայի պատմութեան լաւագոյն ակումբներէն Ժիրոնտեն Պորտօ պիտի փոխանցուի Գ. դասակարգ, ակումբին նիւթական ծանր խնդիրներուն պատճառով:
Պորտօ, որ 6 անգամ շահած է Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը, վերջին անգամ` 2008-2009 տարեշրջանին, 1980-ականներու կէսերուն լաւագոյն ակումբներէն էր:
Ալեն Ժերես, Ժան Թիկանա, Զինետին Զիտան, Քրիսթոֆ Տիւկարի, Պեռնար Լաքմպի նման մարզիկեր Պորտօ ակումբին հետ լաւ օրեր ունեցած են 1980-ականներուն եւ 1990-ականներուն:
Ակումբի սեփականատէրերը այժմ պէտք է երաշխիքներ տրամադրեն ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որ բաւական միջոցներ ունին Գ. դասակարգին մէջ գոյատեւելու: Եթէ ոչ, ակումբը կրնայ 4-րդ կամ նոյնիսկ 5-րդ դասակարգ փոխանցուիլ:
Պորտօ քաղաքի ակումբը 2022-2023 տարեշրջանին փոխանցուած էր Բ. դասակարգ:
Անցեալ եղանակին 50 կէտեր հաւաքած էր Պորտօ 38 մրցումներու ընթացքին` գրաւելով 12-րդ դիրքը: