Մանչեսթըր Եունայթըտ հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի ձախ ծայրի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիորի ծառայութիւններով, հաղորդեց «Տեֆենսա Սանթրալ» կայքը:
«Կարմիր սատանաներ»-ը 23 տարեկան պրազիլցի ֆութպոլիստին կ՛առաջարկեն 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` ընդհանուր 200 միլիոն եւրօ աշխատավարձով, իսկ փոխանցումի համար պատրաստ են Ռէալին վճարելու 230 միլիոն եւրօ:
Կը նշուի, որ Վինիսիուս պատրաստ չէ հեռանալու Ռէալէն: «Վինի» 2018-ին միացած էր Ռէալ Մատրիտի` փոխանցուելով Ֆլամենկոյէն, եւ պայմանագրութիւն ունի սպանական ակումբին հետ մինչեւ 2027-ի ամառ:
Միւս կողմէ, Պայերն Միւնիխ մերժած էր Եունայթըտի առաջարկը` 40 միլիոն եւրոյի փոխարէն ձեռք ձգելու Նետերլանտներու կեդրոնի յետսապահ Մաթայս Տը Լիխթը:
Տը Լիխթ, որ 2022-ին միացած էր Պայերնին, անցեալ տարեշրջանին աւելի պահեստի մարզիկ էր, քան առաջին տարեշրջանին, բան մը, որ զինք գոհ չէ պահած:
Պայերն կը ցանկայ Տը Լիխթը «ծախել» առնուազն 50 միլիոն եւրոյի:
Քանի մը օր առաջ, Եունայթըտ ձեռք ձգած էր ֆրանսացի կեդրոնի յետսապահ Լենի Եորոն (18 տարեկան) Լիլ ակումբէն` 62 միլիոն եւրոյի:
Եորօ լաւ տպաւորութիւն ունեցած էր մարզիչ Էրիք Թեն Հակի մասին: «Ես գիտեմ, որ ան այդ տեսակ մարդոց կը նմանի, որոնք կը սիրեն իրենց խաղցողներուն, որոնք կը ցանկան միշտ յաղթել եւ որոնք մեծ նպատակներ կը դնեն իրենց առջեւ: Ես պատրաստ եմ այս ակումբին համար մեռնելու իսկ դաշտին վրայ: Անգլիոյ եւ այս ակումբին մէջ իմ երկիրս ներկայացնելը մեծ պատիւ է ինծի համար», ըսաւ Եորօ: