Երէկ Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Գերմանիոյ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ խումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆորթունա Սիթարտը` այս վերջինի դաշտին վրայ:
Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս (Երանոսեան), որ Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած էր, 56-րդ վայրկեանին կոլի վերածեց փենալթի մը` նշանակելով Մէօնշընկլատպախի 2-րդ կոլը:
Յիշեցնենք, որ 21 տարեկան Հրանդ-Լէոն Ռանոս 3 օր առաջ այլ բարեկամական մրցումի մը կոլ մը նշանակած էր Վեկպերկ-Պիք խումբին դէմ (Մէօնշընկլատպախ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր) մրցումին:


