Ֆ. Ք. Քէօլն երիտասարդներու խումբի 19 տարեկան պաշտպանող միջնապահ Պեն Քրուկըր Խաչատրեան, լքելէ ետք գերմանական իր ակումբը, միացաւ սպանական Ալխեսիրաս խումբին:
Ալխեսիրաս խումբը 2 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Սպանիոյ Գ. դասակարգին եւ իր մրցումները կը կատարէ 7.200 հանդիսատես ընդունող իր դաշտին` Նուեւօ Միրատոր դաշտին վրայ:
Քէօլնի հետ Պեն շահած էր «Էֆ. Վէ. Էմ.» երիտասարդներու բաժակը, աւարտականին յաղթելէ ետք Լեւերքուզընի: 19 տարեկան Պեն 10 մրցում կատարած է Քէօլնի երիտասարդներուն հետ` նշանակելով 1 կոլ:
Կը սպասուի, որ ան մօտ օրէն միանայ նաեւ Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբին: