Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Կը Սուրայ
Անգլիոյ մէջ, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ կը շարունակեն անցեալ տարուան կէտ հաւաքելու ընթացքը, եւ Սիթի 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Իփսուիչը, մինչ Արսենալ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ասթոն Վիլայի դաշտէն: Գերմանիոյ մէջ սկսաւ «Պունտըսլիկա»-ն, եւ ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն իր կարգին շարունակեց իր յաղթական ընթացքը: Անցեալ տարուան անյաղթ խումբը 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ առաջին կիսախաղին: Բ. կիսախաղին...




















