Միացեալ Նահանգներու լիկայի բաժակի կիսաւարտականի մրցումին, Քոլոմպուս Քրու 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա Եունիընը եւ հասաւ աւարտական:
Ուրուկուէյահայ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան անգամ մը եւս եղաւ մրցումին հերոսը` նշանակելով իր խումբի առաջին երկու կոլերը` առաջին կիսախաղին:
Մարաշլեանի ակումբը աւարտականին պիտի մրցի Օլիվիէ Ժերուի Լոս Անճելըս Էֆ. Սի. խումբին դէմ` 26 օգոստոսին:
Լոս Անճելըս Էֆ. Սի. կիսաւարտականի միւս մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Քոլորատօ Ռափիտզը:
Անցեալ ամիս խումբերը իրար դէմ մրցած էին «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (ախոյեանութեան) գծով մրցումի մը, որուն ընթացքին Քոլոմպուս 5-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր: