Երէկ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը կատարեց 3-րդ եւ վերջին մրցումը Ռուանտայի մէջ:
2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով Լիբանանի աղջկանց խումբը իր երկու յաջորդական մրցումները` չորեքշաբթի եւ երէկ, պարտութիւններով աւարտեց եւ դուրս մնաց:
Չորեքշաբթի օր Բրիտանիոյ դէմ մրցումին Լիբանան առաջին մասին 3 կէտի առաւելութիւն ունէր, սակայն 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն (11-19 եւ 11-18) Բրիտանիա իշխեց, մինչ Լիբանան 4-րդ եւ վերջին մասին 7 կէտով յաղթեց, սակայն մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Բրիտանիոյ` 77-72 արդիւնքով:
Բրիտանիոյ դէմ մրցումին, Թրինիթի Պափթեսթ 24 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ռեպեքքա Աքլ (14 կէտ եւ 9 էսիսթ), ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Փերլա Պու Նասր (7 կէտ), Այտա Պախոս (7 կէտ), Ամար Մանսուր (7 կէտ) եւ Ռանա Հիւսէյնի (7 կէտ) շատ լաւ մրցում ունեցան: Այս մրցումին չմասնակցեցան ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներ Նարինէ Կէօքճեան եւ Փաթիլ Ասատուրեան:
Երէկուան մրցումին, Արժանթինի հետ հաւասար մնալէ ետք առաջին մասին, Լիբանան անգամ մը եւս 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն ետ մնաց (13-10 եւ 22-11) եւ մրցումը կորսնցուց 60-49 արդիւնքով:
Թրինիթի 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ամար Մանսուր` 8 կէտ եւ 9 ռիպաունտ: Ռեպեքքա Աքլ 13 կէտ նշանակեց, մինչ Փերլա Պու Նասր` 8 կէտ: Նարինէ Կէօքճեան 9 վայրկեան մասնակցեցաւ այս մրցումին, մինչ Փերլա Պու Նասր 29 վայրկեան մասնակցեցաւ:
Նշենք, որ Լիբանան իր առաջին մրցումը կատարած էր Ռուանտայի դէմ եւ պարտութիւն կրած 80-62 արդիւնքով: Ռուանտա 58-38 արդիւնքով յաղթած էր Արժանթինին, որ իր առաջին մրցումին 53-47 արդիւնքով յաղթած էր Բրիտանիոյ:


