Սպանական Սեւիա ակումբը, որ վերջերս Լոքոմոթիւ Մոսկուայի հետ կապի մէջ մտած էր ձեռք ձգելու Նայիր Թիկնիզեանը, փորձ մը եւս պիտի կատարէ:
Սեւիա սկզբունքով կ՛ուզէր ձեռք ձգել Թիկնիզեանը անվճար` տարին վճարելով 5 միլիոն եւրօ (փոխ առնել):
Ըստ Լոքոմոթիւի, փոխ առնելը ընդունելի չէ, եւ միայն պատրաստ են քննարկելու մարզիկի վաճառքին կարելիութիւնը:
Սեւիան այժմ նոր առաջարկ կը պատրաստէ վճարովի դարձնել վարձակալութիւնը: Հաւանական է նաեւ Թիկնիզեանը «գնելու» փորձը, սակայն Լոքոմոթիւի պահանջը` 8 միլիոն եւրօ, քիչ մը շատ կը թուի ըլլալ Սեւիայի համար, որ 6 միլիոն եւրոյէն աւելի չի կրնար վճարել հայ մարզիկին համար: