Վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը պիտի կատարէ իր 10-րդ եւ վերջին մրցումը 20 տարեկանէն վար Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան գծով:
Մրցակից խումբը` Սահել Մեթն Շիմալի 6-րդ եւ վերջին դիրքը կը գրաւէ եւ 3 կէտ շահած է իր կատարած 9 մրցումներէն, մինչ ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը գրաւեն 5-րդ դիրքը` 12 կէտով:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ անգամ մը եւս բացականերով դաշտ պիտի ներկայանայ, մանաւանդ որ անցեալ շաբաթ կարմիր քարտ մը եւս ստանալով այս անգամ Կարօ Ներկարարեան պիտի բացակայի` միանալով Մայք Մարսուվանեանի, Արամ Ճեմեզեանի եւ Էլիօ Գազեզեանի, որոնք 4 մրցումներէ ի վեր կախակայուած են:
Այս բոլորին վրայ աւելցաւ Փոլ Գաճոյեանի դեղին քարտը անցեալ մրցումին, որ դեղին քարտերու կուտակումի պատճառով զինք հեռու պիտի ձգէ վաղուան մրցումէն:
Յոյսով ենք, որ վերջին երկու մրցումներուն նման մարզիչ Գէորգ Բարսեղեանի պաշտպանողական խաղաոճը, նոյն պահուն արագ հակայարձակումներու դիմելը լաւ արդիւնք տայ դաշտին վրայ:
Համակիրներէն կը սպասուի դաշտ ներկայանալ եւ վերջին մրցումին ալ քաջալերել տղաքը:
Ստորեւ` 10-րդ եւ վերջին հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Ժամը 10:00-ին, Սաֆա Շուէյֆաթ – Շիյահ (Պհամտունի դաշտ)
Տապըլ Քիք – Նըժմեթ Սահրա (Սին Էլ Ֆիլի դաշտ)
ՎԱՂԸ
Ժամը 10:00-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի (Սին Էլ Ֆիլի դաշտ)
Դասաւորում վերջին հանգրուանէն առաջ.
1.- Տապըլ Քիք 16 (17-12)
2.- Նըժմեթ Սահրա 16 (27-27)
3.- Շիյահ 16 (16-6)
4.- Սաֆա Շուէյֆաթ 14 (20-17)
5.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 12 (20-13)
6.- Սահել Մեթն Շիմալի 3 (11-26)


