Պայերն Միւնիխ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր, որ քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ աւարտած է Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ իր ասպարէզը, 2024-2025 տարեշրջանի իր նպատակները յայտարարեց «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան բացման մրցումէն առաջ:
Պայերն Միւնիխ 2012-էն ի վեր առաջին անգամ առանց որեւէ տիտղոսի աւարտած էր անցեալ տարեշրջանը, Նոյըր այս գծով ըսաւ. «Ոչ մէկը կը ցանկայ տարեշրջանը անցընել առանց բաժակներու, մանաւանդ Պայերնի մէջ: Մենք շատ մղուած ենք: Մենք նախապէս անցուցած ենք այս հարցը… Գոնէ ես եւ Թոմաս Միւլըրը: 2012-ին մենք նոյնպէս մնացինք առանց տիտղոսի: «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին պարտուեցանք, ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը գրաւեցինք եւ բաժակի աւարտականին Տորթմունտէն պարտուեցանք: Նոյն տարին ազգային խումբը Եուրոյի կիսաւարտականին պարտուեցաւ Իտալիայէն: Հիասթափեցնող տարի մըն էր, բայց մենք այդ պարտութիւններէն մղուեցանք աւելի լաւ պայքարելով յաջորդ հանգրուան եւ հասանք 2013-ի յաջողութիւններուն` ձեռք ձգելով «Թրեպըլ» (երեք տիտղոսներ): Այս է մեր մեծ նպատակը, բայց մենք շատ պէտք է աշխատինք ատիկա իրագործելու համար: Մենք պէտք է միասին աճինք իբրեւ խումբ, եւ դաշտին վրայ տանք մեր լաւագոյնը: Մենք նոր խումբ ունինք թէ՛ դաշտին վրայ եւ թէ՛ մարզչական նստարանին վրայ: Այս թարմ արիւն է, որ նոր ուժ կու տայ խումբին: Մենք կը ցանկանք հասնիլ առաւելագոյն յաջողութեան»:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին կը սկսին «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները, եւ Պայերն Միւնիխ պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը Վոլֆսպուրկի դաշտին վրայ:
Պայերն այս տարեշրջանին համար ձեռք ձգած էր ֆրանսացի Մայքըլ Օլիզէն (Քրիսթըլ Փելեսէն), փորթուգալցի Ժոաօ Փալինիան (Ֆուլհամէն) ճափոնցի Հիորքի Իթոն (Շթութկարթէն) եւ Էրիք Տայըրը (Թոթենհամէն, պաշտօնապէս): Տայըր անցեալ ձմրան վարձավճարով փոխ տրուած էր Պայերնի, որ այս ամառ որոշեց ձեռք ձգել զայն պաշտօնական փոխանցումով:
Միւս կողմէ, Նետերլանտներու պաշտպան Մաթայս Տը Լիխթ, մարոքցի Նուսէյր Մազրաուի, Պրայըն Սարակոսա (փոխ), Ֆրանս Քրացիկ (փոխ) եւ Փոլ Վանըր (փոխ) լքեցին Պայերնը, մաս մը` ժամանակաւորապէս:
Պէտք է աւելցնել, որ պելճիքացի մարզիչ Վենսան Քոմփանի կատարեց 7 բարեկամական փորձ-մրցումներ, որոնց կարգին բաժակի գծով անցեալ շաբաթավերջի (4-0 Ուլմի դէմ) յաղթանակը` յաղթելով 6-ը եւ հաւասարելով մրցում մը:
Սակայն միակ գէշ լուրը վիրաւորներու գծով է: Արդարեւ, ճափոնցի պաշտպան Իթօ իր առաջին մրցումին ոտքը կոտրեց եւ քանի մը ամիս հեռու պիտի մնայ կանաչ դաշտերէն: Քանի մը օր առաջ խրուաթ Եոսիփ Սթանիշիչ, որ անցեալ տարի փոխ տրուած էր ախոյեան Պայեր Լեւերքուզընի, իր կարգին ծունկը վիրաւորեց եւ մէկուկէս ամիս պիտի բացակայի: Յիշեցնենք, որ Լիրոյ Սանէ, որ արդէն վիրաւոր էր, թեթեւ փորձերու սկսած է եւ տակաւին հեռու է մրցումներու մթնոլորտէն:


