Ըստ «Սքայ սփորթց» կայքին, Գերմանիոյ ազգային խումբի խմբապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Պայերն Միւնիխի միջնապահ Եոշուա Քիմիչ, ազգային խումբէն Իլքայ Կիւնտողանի հեռանալէն ետք:
33 տարեկան Կիւնտողան Պարսելոնայէն պիտի վերադառնայ Մանչեսթըր Սիթի, մանաւանդ որ Փեփ Կուարտիոլա համաձայն է անոր վերադարձին, մինչ Պարսելոնա կ՛ուզէ բարձր աշխատավարձով մարզիկէ մը «ազատիլ»: Անցեալ շաբաթավերջին Կիւնտողան յայտնած էր, թէ ազգային խումբին հետ իր վերջին ելոյթը ունեցած է Եուրոյին:
29 տարեկան Քիմիչ 2011-էն մաս կը կազմէ ազգային խումբին եւ 91 մրցումներ կատարած է` նշանակելով 6 կոլեր:


