Շուէտացի նախկին մարզիչ Սվեն – Կորան Էրիքսըն հրաժեշտի նամակ գրած է համակիրներուն:
Յունուարին 76 տարեկան Էրիքսըն յայտնած էր, որ կը տառապի ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղէն, որ վերջին հանգրուան հասած է: Այդ ժամանակ, մարզիչը խոստովանած էր, որ առաւելագոյնը մէկ տարի կեանք ունէր ապրելու:
«Ես լաւ կեանք ունեցած եմ: Կը կարծեմ, որ մենք բոլորս կը վախնանք մեր մահուան օրէն, բայց մահը կեանքին մաս կը կազմէ: Դուք պէտք է հասկնաք եւ սորվիք ընդունիլ մահը ինչպէս որ է: Յոյսով եմ, որ վերջը մարդիկ կ՛ըսեն` այո՛, լաւ մարդ էր ան… Բայց կրնայ ըլլալ, որ բոլորը չեն ըսեր այդպէս»:
«Յոյսով եմ, որ դուք ինծի կը յիշեք իբրեւ դրական անձ, որ ինչ որ կրնար կը փորձէր ընել: Ներողութիւն մի՛ խնդրէք, ժպտացէ՛ք: Շնորհակալ եմ ամէն ինչի համար, մարզիչներ, մարզիկներ եւ համակիրներ, հիանալի էր: Հոգ տարէ՛ք դուք ձեզի եւ ձեր կեանքին, եւ ապրիք… ցտեսութիւն», ըսաւ Էրիքսըն` փրայմ-վիտէօ վաւերագրական ժապաւէնով:
Նշենք, որ Էրիքսըն Շուէտի մէջ ֆութպոլ խաղցած է աջ յետսապահ դիրքի վրայ, բայց միջակ մակարդակ ունենալուն պատճառով 27 տարեկանին լքած է ֆութպոլը` մարզիչ դառնալու համար:
Ան շատ յաջող մարզիչ դարձաւ եւ 1977-ի եւ 2001-ի միջեւ շահեցաւ 18 տիտղոսներ տարբեր ակումբներու հետ` Շուէտի, Փորթուգալի եւ Իտալիոյ մէջ:
Ան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը, ինչպէս նաեւ բաժակակիր խումբերու բաժակը շահեցաւ եւ հասաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին:
Ան աւելի ուշ մարզեց նաեւ Անգլիոյ, Մեքսիքայի, Ֆիլիփեան կղզիներու, Փղոսկրեայ Ափունքի ազգային խումբերը, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Սիթին ու Լայսթըրը (Անգլիոյ մէջ):
Կոթըպորկի հետ շահեցաւ 1981-1982 տարեշրջանի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը, իսկ Պենֆիքայի հետ դարձաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի փոխախոյեան (1982-1983), «Չեմփիընզ լիկ»-ի փոխախոյեան (1989-1990), Լացիօ Ռոմայի հետ (բաժակակիր) շահեցաւ խումբերու բաժակ (1998-1999), «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակ (1999), դարձաւ նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակի փոխախոյեան (1997-1998):
Ան շահած է Իտալիոյ լաւագոյն մարզիչի տիտղոսը 1999-2000 տարեշրջանին, ինչպէս նաեւ 2001-ին «Պի. Պի. Սի.»-ի կողմէ լաւագոյն մարզիչ ընտրուած:
2007-ին Սիթիի հետ դարձաւ ամսուան մարզիչը (օգոստոսին):


