Պասքեթպոլ. Ռիատի Կը Պատրաստուի Միջցամաքամասային Մրցաշարքին
Լիբանանի, Ուասլի եւ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեան Ռիատի կը մեկնի Քաթար, ուր բարեկամական երկու մրցումներ պիտի ունենայ 2 եւ 4 սեպտեմբերին Զամալեքի դէմ, կազմակերպութեամբ Քաթարի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Ռիատի վերջին օրերուն լաւ լուրեր չստացաւ իր անցեալ տարուան օտար մարզիկներէն` նկատի ունենալով, որ Թոն Մէյքըր եւ Ճոնաթըն Սիմընզ չկրցան միանալ խումբին: Անոնք պիտի փոխարինուին Մեննի Հերիսով եւ Թրէյվըն Թիպոտոյով: Թիպոտօ, որ Մանամա խումբին...




















