Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանեկան հաւաքականի անդամները 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալ շահեցան Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած 17 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Հայաստանի կազմին անդամներէն Մարատ Աճէմեան 45 քկ կշիռի մրցումներուն դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան` ձեռք ձգելով արծաթէ մետալ: 16 տարեկան ըմբիշը աւարտականին իր դէմ ունէր չէզոք դրօշի տակ հանդէս եկած Ասլանբէկ Քոսթոյեւը եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր:
Աճէմեան նախապէս 9-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր իրանցի մրցակիցը, քառորդ աւարտականին նոյն արդիւնքով դուրս ձգած էր ազրպէյճանցի իր մրցակիցը, իսկ կիսաւարտականին 8-0 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ մը տարած էր ուզպէք իր մրցակիցին դէմ:
Աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան պրոնզէ մետալ շահեցան հաւաքականի միւս անդամներ Եուրիկ Մխիթարեան (55 քկ) եւ Նարեկ Գրիգորեան (65 քկ):
Մխիթարեան զտումի մրցումներով սկսած էր` 8-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով թուրք Ապտուլսամետ Ուջարիի դէմ, ապա նոյն արդիւնքով յաղթած էր հնդիկ մրցակիցին: Քառորդ աւարտականին ան 4-3 արդիւնքով դուրս ձգած է Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչը, սակայն կիսաւարտականին ան պարտութիւն մը կրած էր ղազախ մրցակիցէն: Պրոնզ մետալի մրցումին ան կրցած էր յաղթել իրանցի մրցակից Ամիրալի Հէյտարիի` դառնալով մետալակիր:
Գրիգորեան զտումի մրցումներուն 9-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր իր վրացի մրցակիցը, ապա 6-0 արդիւնքով` Չինաստանի ներկայացուցիչը: Քառորդ աւարտականին ան 3-1 արդիւնքով յաղթած էր ճափոնցի մրցակիցին, սակայն կիսաւարտականին չնչին տարբերութեամբ տեղի տուած էր իրանցի ըմբիշին առջեւ: Պրոնզէ մետալի մրցումին, Նարեկ Գրիգորեան կրցած է յաղթել Ուզպեքիստանի ըմբիշներէն Ֆայոզբեկ Էշմիրզայեւի:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչներ պրոնզէ մետալի համար մրցած են: Անոնց կարգին են Սարգիս Յարութիւնեան (51 քկ), Սամուէլ Տէրտէրեան (71 քկ), Լիովա Շուխեան (92 քկ), որոնք պարտուած են իրենց մրցումները:
Այսօր կը սկսին ազատ ոճի ըմբիշները: Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշներու պատանեկան հաւաքականին մաս կը կազմեն Մհեր Յակոբեան (45 քկ), Արմէն Պապիկեան (48 քկ), Աշոտ Կիւլնազարեան (51 քկ), Գագիկ Ղազարեան (55 քկ), Հայկ Աւանէսեան (60 քկ), Եղիշէ Մոսէսեան (65 քկ), Վահէ Սաղեան (71 քկ), Սահակ Յովհաննէսեան (80 քկ), Հրաչիկ Մկրտչեան (92 քկ) եւ Անդրանիկ Զաղեթեան (110 քկ):
17 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցի 576 ըմբիշ: