Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցած 2024-ի Եւրոպայի պատանիներու արագ ճատրակի ախոյեանութեան, հայ ներկայացուցիչները ձեռք ձգեցին 3 ոսկի ե 2 պրոնզ մետալ:
ՖԻՏԷ-ի վարպետ Ալեքս Սահակեան դարձաւ Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար արագ ճատրակի ախոյեան:
Սոնա Գրգեաշարեան դարձաւ Եւրոպայի աղջկանց 14 տարեկանէն վար կայծակնային ճատրակի ախոյեան:
Սոֆիա Պաղրամեան դարձաւ Եւրոպայի աղջկանց 8 տարեկանէն վար կայծակնային ախոյեան, ինչպէս նաեւ արագ ճատրակի պրոնզէ մետալակիր:
Եւրոպայի 10 տարեկանէն վար պատանիներու խմբային պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Հայաստանի խումբը` արագ ճատրակի մրցումներուն: Խումբին մաս կը կազմէին Դաւիթ Մելքոնեան, Աշոտ Աւետիսեան, Արմէն Վարդանեան եւ Սլաւա Կոնճորեան:
Նշենք, որ Հայաստանի խումբի ղեկավարն էր ՖԻՏԷ-ի վարպետ Տիգրան Գասպարեան: