Լեհական Փոկոն խումբի միջնապահ Վահան Պիչախչեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ` մասնակցելու սեպտեմբերեան հաւաքին:
Ազգերու լիկայի բաժակի մրցաշարքին գծով, Հայաստան պիտի մրցի Լաթվիոյ եւ հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ:
7 սեպտեմբերին Հայաստան Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Լաթվիան, իսկ 3 օր ետք` 10 սեպտեմբերին, կը մրցի հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային խումբը Ազգերու լիկայի բաժակի մրցումներուն մաս կը կազմէ Գ. կարգի խումբերուն Դ. խմբակին:
Հայաստանի կողքին Դ. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆարօ կղզիները, հիւսիսային Մակեդոնիա եւ Լաթվիան:


