Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Լոս Անճելըս Կալաքսի «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ախոյեանութեան գծով մրցումի մը 2-0 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Եունայթըտին:
Լոս Անճելըս Կալաքսի, որ այժմ առաջին դիրքը կը գրաւէ Արեւմտեան շրջանին մէջ, 67-րդ վայրկեանին առիթ ունեցաւ բանալու կոլերու հաշիւը, սակայն ղանացի յառաջապահ Ժոզեֆ Փենթսիլ չկրցաւ նշանակել փենալթին:
62-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած գերմանացի Մարքօ Ռոյս փոխանցում մը տուաւ Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Ռիքի Փուիճի, որ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
84-րդ վայրկեանին Մարքօ Ռոյս նշանակեց Լոս Անճելըսի ակումբին հետ իր առաջին կոլը` մրցումը աւարտելով 2-0 արդիւնքով:
Այժմ 3 մրցում աւելի կատարած Կալաքսի 5 կէտով կը գերազանցէ Լոս Անճելըս Էֆ. Սի.-ն:
Արեւելեան շրջանի մրցումներուն, Ինթեր Մայեմի իր կարգին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սինսինաթթին` շնորհիւ վեթերան Լուիս Սուարեսի տուպլէին, առաջին եւ 6-րդ վայրկեաններուն:
Մայեմիի խումբը այժմ 28 կէտի առաւելութիւն ունի 9-րդ դիրքը գրաւող խումբին` Աթլանթայի վրայ, եւ այս ձեւով ապահովեց փլէյ-օֆի առաջին տոմսը:


