Եուվենթուսի ծայրի յառաջապահ Ֆետերիքօ Քիեզա պիտի միանայ Անգլիոյ «կարմիր»-ներուն` Լիվըրփուլին:
26 տարեկան Քիեզա 2020-էն մաս կը կազմէր Եուվենթուսին` կատարելով 98 մրցում եւ նշանակելով 21 կոլ: Ան 2016-էն կը խաղար Ֆիորենթինայի հետ, ուր կատարած էր 137 մրցում` նշանակելով 26 կոլ:
«Ես շատ երջանիկ եմ եւ անհամբեր եմ Լիվըրփուլի շապիկը հագուելու: Ես եւ ընտանիքս շատ ուրախ ենք: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Եուվենթուսին եւ անշուշտ համակիրներուն, անոնք միշտ ալ իմ նկատմամբ իւրայատուկ վերաբերում ցուցաբերած էին: Հիմա Լիվըրփուլի ժամանակն է: Չեմ կրնար համբերել», ըսաւ ծայր աստիճան ուրախ Քիեզա, որ Եուվէի հետ ոչ մէկ ելոյթ ունեցած էր նոր մարզիչ Թիակօ Մոթայի միանալէն ետք: Մոթա առաջին օրէն յայտնած էր, թէ ունի անուանացանկ մը մարզիկներու, որոնք իր ապագայի ծրագիրներուն մաս չեն կազմեր:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Լիվըրփուլ 13 միլիոնի կանխավճար պիտի վճարէ անոր փոխանցման համար եւ 4 տարուան վրայ ամէն տարի պիտի վճարէ 5 միլիոն եւրօ` իբրեւ աշխատավարձ:
Քիեզայի պայմանագրութիւնը Եուվէի հետ կ՛աւարտի 2025-ին, եւ անոր փոխանցման արժէքը կը կազմէ մօտ 35 միլիոն եւրօ:
Քիեզա, որ 2018-էն մաս կը կազմէ Իտալիոյ ազգային խումբին, 51 մրցում կատարած է «կապոյտներուն» հետ` նշանակելով 7 կոլ: