Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի այս տարեշրջանը շատ «տաք» կը խոստանայ ըլլալ, եթէ առաջին երկու շաբթուան մրցումներէն ետք նայինք, թէ քանի մը խումբ շատ գեղեցիկ եւ անսխալ ֆութպոլ կը կիրարկեն:
Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի քանի մը օր առաջ վերստին ընդունեց գերմանացի միջնապահ Իլքայ Կիւնտողանը, որ 1 տարեշրջան բոլորելէ ետք Սպանիոյ Պարսելոնային հետ, վերադարձաւ Սիթի, ուր մարզիչ Կուարտիոլա թիւ 1 քաջալերողը եղաւ այս վերադարձին:
Սիթի շատ լաւ 2 մրցումներ կատարեց, առաջինը մեծ գումարներ ծախսած Լոնտոնի Չելսիին դէմ (2-0), իսկ այս շաբաթ նոր «Փրեմիեր Լիկ» բարձրացած Իփսուիչի դէմ (4-1):
Նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ կոլ նշանակելու իր գործը կը շարունակէ եւ Սիթիի 6 կոլերէն 4-ը ինք նշանակած է, մինչ Տը Պրունիէ եւ Քովասիչ նշանակած են միւս կոլերը:
Անցեալ տարուան փոխախոյեան Արսենալ իր կարգին բաւական լաւ ելոյթ կը ցուցաբերէ, եւ 2 մրցումներուն ալ 2 կոլ նշանակեց առանց որեւէ կոլ ստանալու: 4 կոլերն ալ նշանակած են 4 տարբեր մարզիկներ: Հավերց եւ Սաքա նշանակած էին Վուլվզի դէմ, իսկ Թրուար եւ Փարթի նշանակեցին Ասթոն Վիլայի դէմ կոլերը անցեալ շաբաթավերջին:
Պրայթըն իր կարգին Լիվըրփուլի հետ արձանագրած է յաջորդական 2 յաղթանակ: Պրայթըն Էվըրթընի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք անցեալ շաբաթավերջին անակնկալի բերած էր Մանչեսթըր Եունայթըտը 2-1 արդիւնքով:
Մանչեսթըր Եունայթըտ առաջին մրցումին քաջալերելի ելոյթէ մը ետք կը կարծուէր, թէ աւելի լաւ տարեշրջան մը պիտի բոլորէ, բայց իր երկրորդ ելոյթը` Պրայթընի դէմ, շատ կը նմանէր անցեալ եղանակի ձախող ելոյթներուն:
Լիվըրփուլ իր նոր մարզիչ Առնէ Սլոթի հետ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած խումբի նման կը շարունակէ իր ելոյթները, եւ Արսենալի նման 2-0 արդիւնքով յաջորդական յաղթանակներ արձանագրեց Իփսուիչի եւ Պրենթֆորտի վրայ: Մոհամետ Սալահ ամէն մրցումի կոլ մը նշանակեց, մինչ Տիոկօ Ճոթա եւ Լուիս Տիաս նշանակեցին միւս 2 կոլերը:
Սպանիոյ մէջ, «Լա լիկա»-ի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ առաջին մրցումին 1-1 արդիւնքով հեռանալէ ետք Մայորքայի դաշտէն, կրցաւ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել: Վալվերտէ 50-րդ վայրկեանին նշանակած էր առաջին կոլը, ապա Պրահիմ Տիաս (88) եւ Էտրիք (96) նշանակած էին Ռէալի «ուշացած» կոլերը: Ռէալէն կը բացակայէին Ճուտ Պելինկհամ, Էտուար Քամավինկա, Ֆերլան Մենտի եւ անշուշտ Տաւիտ Ալապա (որ երկար ժամանակէ ի վեր վիրաւոր է):
Մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յայտնեց, թէ շատ անգամ մարզիչին համար դժուար կ՛ըլլայ, ո՛ր մարզիկը դաշտ ներկայացնել, երբ մեծ թիւով լաւ մարզիկներ կ՛ունենաս:
Սելթա Վիկօ եւ Պարսելոնա միակ խումբերն են, որոնք առաւելագոյն 6 կէտերը շահած են 2 հանգրուաններէ ետք:
Սելթա 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ալաւեսին, 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վալենսիան:
Պարսելոնա իր կարգին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վալենսիային, կրցաւ նոյն արդիւնքով յաղթել Աթլեթիք Պիլպաոյին:
Եամալ եւ Լեվանտովսքի նշանակեցին Պարսայի 2 կոլերը: Լեհ յառաջապահ Լեվանտովսքի առաջին մրցումին 2 կոլ նշանակած էր:
Աթլեթիքօ Մատրիտ Ռէալի նման հաւասարութեամբ սկսելէ ետք Վիարէալի դէմ (2-2), կրցաւ 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել Ժիրոնայի վրայ, որ ըստ երեւոյթին անցեալ տարուան անակնկալ խումբը չէ այլեւս:
Գերմանիոյ մէջ սկսաւ «Պունտըսլիկա»-ն, եւ առաջին հանգրուանին, ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն պէտք ունեցաւ իրաւարարներու սխալներուն, որպէսզի յաղթանակով սկսի տարեշրջանը` 101-րդ վայրկեանին նշանակելով կասկածելի փենալթի մը` Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ: Փենալթին կոլի չվերածուեցաւ, սակայն զսպուած գնդակը վերադարձաւ ազգային խումբի միջնապահ Ֆլորիան Վերցի, որ նշանակեց յաղթանակի կոլը, խումբի մը դէմ, որ առաջին կիսախաղին 2 կոլով ետ մնալէ ետք կրցած էր 2-2 արդիւնքով հաւասարեցնել 88-րդ վայրկեանին:
Գերմանիոյ պատմական ակումբը` Պայերն Միւնիխ, որ այս տարի փոփոխութիւններու հանգրուան մը կ՛անցընէ, կրցաւ բանալ մրցումին հաշիւը` Վոլֆսպուրկի դաշտին վրայ:
Սակայն Բ. կիսախաղի առաջին 10 վայրկեաններուն, Վոլֆսպուրկ ոչ միայն հաւասարեցաւ Մուսախալայի կոլին, այլ կոլ մը աւելի նշանակեց` առաջ անցնելով խրուաթ Լովրօ Մայերի շնորհիւ (2 կոլ):
65-րդ վայրկեանին դաշտ մուտք գործեց Թոմաս Միւլըր, որ մուտք գործելով ոչ միայն մրցանիշ հաստատեց, այլեւ կոլի ալ պատճառ դարձաւ քոռնըրէ մը ետք եւ անմիջապէս թղթիկ մը հանելով ցուցմունք տուաւ տղոց (մարզիչին թելադրութիւնները անշուշտ) կոլը տօնելու պահուն:
Միւլըր կատարեց իր ասպարէզի 709-րդ մրցումը Պայերնի շապիկով բարելաւելով հռչակաւոր բերդապահ Զեփ Մայըրի մրցանիշը:
Կոլը նշանակեց Քամինսքի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) Հերի Քէյնի գլխու հարուածէն ետք, մինչ Թոմաս Միւլըր ճնշեց, երբ արդէն գնդակը մուտք գործած էր:
82-րդ վայրկեանին լաւ յարձակումէ մը ետք, Հերի Քէյն գետին ինկած պահուն գնդակը կրցաւ հասցնել Սերժ Կնապրիի, որ զայն զետեղեց լեհ բերդապահ Քամիլ Կրապարայի բերդին մէջ:
Պայերն բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, մանաւանդ առաջին կիսախաղին, սակայն կոլ նշանակելու առիթները կոլի չվերածուեցան:
Բ. կիսախաղին Վոլֆսպուրկ աւելի լաւ էր եւ օգտուեցաւՊայերնի քորէացի պաշտպանի սխալներէն կոլեր նշանակելու` առաջինը փենալթիով, Սաշա Պոյի ֆաուլէն ետք:
Պայերնի համար նոր դէմքերն էին աջ պաշտպան ֆրանսացի Սաշա Պոյ, որ Պայերնի պահեստի խումբէն միացած է, եւ տուած էր Մուսխալայի կոլին փոխանցումը, եւ ֆրանսացի Մայքըլ Օլիզէն, որ ձախ ծայրէն շատ լաւ ձեւով կը յարձակէր:
Իտալիոյ մէջ, ախոյեան Ինթեր Միլան, որ «Սերի Ա.»-ի թեկնածուն է այս տարեշրջանին ալ, կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել Լեչէին: Մաթէօ Տարմեան եւ Հաքան Չալհանօղլու նշանակեցին Ինթերի երկու կոլերը:
Ինթեր առաջին մրցումին 95-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացած էր Ճենովայի դաշտին վրայ (փենալթիով), որ կէտ մը խլած էր ախոյեանէն (2-2):
Նափոլի, Ռոմա եւ Ա. Սէ. Միլան մէկական մրցումներ պարտուեցան: Ա. Սէ. Միլան, Թորինոյի հետ հաւասար մնալէ ետք, նոր առաջին դասակարգ բարձրացած Փարմայի դաշտէն 2-1 արդիւնքով պարտուած դուրս եկաւ: Ռոմա, իր կարգին, Քալիարիի դաշտէն հաւասարութեամբ վերադառնալէ ետք, իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Էմփոլիէն:
Նափոլի 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Վերոնայի դաշտին վրայ նոյն արդիւնքով յաղթեց Պոլոնիային:
Ֆրանսայի մէջ, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիլ, Մոնաքօ եւ Լանս իրենց երկու մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած են: Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այս տարի առանց Քիլիան Էմպափէին կը խաղայ, 10 կոլ նշանակած է եւ ձեւով մը «մոռացութեան մատնած» Էմպափէն: