«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներուն գծով Հայաստանի ախոյեան Երեւան 4-1 արդիւնքով ջախջախեց Թուրքիոյ ախոյեան Շիշլին:
Երեւանի կոլերը նշանակեցին Ռաֆիկ Մելիքեան, Արամ Սարգսեան, Աղասի Եղիազարեան եւ Գարեգին Մաշումեան:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Դ. խմբակի մրցումներուն, Երեւան իր առաջին մրցումին 3-2 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Մանչեսթըրի ֆութսալի խումբին, իսկ երկրորդ մրցումին 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Նետերլանտներու ախոյեան Թայկըրզ Ռէորմունտէն:
Երեւան կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` յոյսով, որ Թայկըրզ – Մանչեսթըր մրցումին անգլիական ակումբը յաղթէ, որպէսզի Երեւան յոյս ունենայ գրաւելու առաջին դիրքը:
Միայն առաջին դիրքը գրաւող խումբը կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:


