Եւրոպական ֆութպոլի փոխանցումներու վերջին օրերը կը մօտենան, եւ «շուկան տաքցած» է:
Սպանիոյ ազգային խումբի միջնապահ Միկել Մերինօ 1 ամիսէ ի վեր Արսենալին միանալու լուրերը հաստատելէ եւ հերքելէ ետք, երէկ պաշտօնապէս համաձայնեցաւ միանալու Լոնտոնի ակումբին` փոխան 32 միլիոն եւրոյի, լքելով Ռէալ Սոսիետատը:
Չելսի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ գրեթէ համաձայնած են փոխանակուիլ Ճէյտըն Սանչոն եւ Ռահիմ Սթերլինկը: Սթերլինկ, որ այլեւս տեղ չունի Չելսիի մէջ, կրնայ փայլիլ Եունայթըտի հետ:
Եունայթըտ համաձայնեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ ձեռք ձգելու ուրուկուէյցի միջնապահ Մանուէլ Ուկարթէն:
Եուվենթուսի մարզիկ Ֆետերիքօ Քիեզա հաւանաբար միանայ Պարսելոնային, մինչ Լիվըրփուլ իր կարգին կը փորձէ ձեռք ձգել իտալացի ծայրի յառաջապահը:
Սքոթ Մաքթոմինէյ 2017-էն ի վեր Մանչեսթըր Եունայթըտի շապիկը 178 մրցումներ կրելէ ետք միացաւ Իտալիոյ Նափոլիի ակումբին:
Արաբական երկիրներ, մանաւանդ Սէուտական Արաբիա բաւական դրամ կը թափեն ձեռք ձգելու Փաուլօ Տիպալան (միացաւ Քատիսիային), Քինկզլի Քոմանը (Պայերն Միւնիխէն) եւ Վիքթոր Օսիմէնը (Նափոլիէն):
Միւս կողմէ, չիլիցի 41 տարեկան բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւօ լքեց իր արհեստավարժ ասպարէզը, մինչ Լեհաստանի բերդապահ Վոյչիչ Չեզնի իր կարգին լքեց ֆութպոլը: