Մարզական

Ֆորմիւլա 1.  Լըքլեր Շահեցաւ Մոնցայի Մէջ

Ֆորմիւլա 1. Լըքլեր Շահեցաւ Մոնցայի Մէջ

Շարլ Լըքլեր իր Ֆեռարիով ուրախ պահեց իտալացի համակիրները` շահելով Մոնցայի կրան փրին Ֆեռարիի տան` Իտալիոյ մէջ: Լըքլեր, որ 4-րդ դիրքէն սկսաւ 16-րդ կրան փրին, 1 անգամ անիւ փոխելով կրցաւ մնալ առաջին` իր ետին ձգելով Մաքլարենի զոյգը` Փիասթրին եւ Նորիսը: Նորիս, որ փոլ փոզիշընը շահած էր օր մը առաջ, առաջին դիրքը կորսնցուց առաջին շրջանին, երբ իր խմբակիցը անցաւ իրեն, մինչ Ճորճ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Տեքլըն Ռայսի Կարմիր Քարտը Եւ Պորնմաութի Մրցանիշը

«Փրեմիեր Լիկ». Տեքլըն Ռայսի Կարմիր Քարտը Եւ Պորնմաութի Մրցանիշը

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի երրորդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Արսենալ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պրայթընի հետ: Արսենալի անգլիացի միջնապահ Տեքլըն Ռայս 49-րդ վայրկեանին ստացած էր իր 2-րդ դեղին քարտը եւ հեռացուած դաշտէն: Յատկանշական էր այս իրադարձութիւնը, որովհետեւ 25 տարեկան Ռայս իր ասպարէզին ընթացքին բնաւ կարմիր քարտ չէր ստացած: Ան «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով 245 մրցում կատարած էր եւ ոչ մէկ կարմիր...

Տիպալա… Ուրախութիւն Համակիրներուն Ցաւ` Ռոմային

Տիպալա… Ուրախութիւն Համակիրներուն Ցաւ` Ռոմային

30 տարեկան Փաուլօ Տիպալա ո՛չ ըսաւ 3 տարուան պայմանագրութեան եւ 75 միլիոն եւրոյին, զորս առաջարկած էր Քատիսիա խումբը: Քանի մը պատճառներ կային այս «ո՛չ»-ին, որ պատճառ դարձաւ, որ Ռոմայի համակիրները աւելի եւս զինք սիրեն: Ամէն ինչ վերջացած կը թուէր, եւ արժանթինցի Տեպալա պիտի միանար արաբական Քատիսիա խումբին, սակայն վերջին վայրկեանին ամէն ինչ փոխուեցաւ: Հինգշաբթի օր սկզբունքով Տիպալայի վերջին օրը պիտի...

«Էմ. Էյ. Էս.».  Մարաշլեան 1 Կոլ Եւ Էսիսթ Կատարեց

«Էմ. Էյ. Էս.». Մարաշլեան 1 Կոլ Եւ Էսիսթ Կատարեց

«Էմ. Էլ. Էս.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Ինթեր Մայեմի 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շիքակօ Ֆայըրը, մինչ Քոլոմպուս Քրու 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Սիթին: Ինթեր Մայեմիի հետ տուպլէ իրագործեց ուրուկուէյցի վեթերան Լուիս Սուարես (46-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն): Ուրուկուէյահայ յառաջապահ Տիեկօ Ռուսի Մարաշլեան կոլ մը նշանակեց եւ կոլի մը փոխանցումը տուաւ Մաքսիմիլիան Արֆսթընի, որ նշանակեց Քոլոմպուսի 2-րդ կոլը: 86-րդ...

Թենիս.  Ալքարոսէն Ետք Ճոքովիչն Ալ Դուրս Մնաց

Թենիս. Ալքարոսէն Ետք Ճոքովիչն Ալ Դուրս Մնաց

«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի մրցաշարքը շարունակուեցաւ Ֆլաշինկ Մետալի մէջ, ուր անցեալ տարուան տիտղոսակիր սերպ Նովաք Ճոքովիչ անակնկալ պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց Գ. հանգրուանին: 2002-էն ի վեր թենիսի տղոց մրցումներուն, «Պիկ 3»-էն որեւէ մէկը չկրցաւ շահիլ կրան շլեմի մրցաշարք 2024-ին: «Պիկ 3» կը կոչուէին Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա), Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) եւ Ճոքովիչ, որոնք միասնաբար գրաւած էին տղոց թենիսի բոլոր մրցաշարքերը:...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Սկսաւ Իր Լուրջ Պատրաստութիւնները Փորձ-Մրցումով Մը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Սկսաւ Իր Լուրջ Պատրաստութիւնները Փորձ-Մրցումով Մը

Երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց իր առաջին փորձ-մրցումը` Գ. դասակարգի Օլիմփիք Տմիթի դէմ մրցումով մը: Խումբը, որ 15 օր առաջ սկսած էր լուրջ փորձերու, մեծ մասամբ պահած է իր մարզիկները եւ ինքզինք աւելի եւս զօրացնելու վրայ է, մանաւանդ որ ան կը փորձէ անպայման բարձրանալ Գ. դասակարգ: Երէկ Պուրճ Համուտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ դաշտ ներկայացուց մեծ թիւով երիտասարդ...

Պէյրութ Մարաթոն Յանձնախումբ.  Մէյ Խալիլ Այցելեց Էլիաս Պայսարիի

Պէյրութ Մարաթոն Յանձնախումբ. Մէյ Խալիլ Այցելեց Էլիաս Պայսարիի

Պէյրութ Մարաթոն յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի, որուն հետ քննարկեց Պէյրութ մարաթոնի օտար մասնակիցներու փաստաթուղթերու դիւրութեան ձեւերը: Մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ 10 նոյեմբերին, Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ` «Մէկ սիրտ մէկ մրցումի» նշանաբանով: Խալիլ յայտնեց նաեւ 20-րդ մարաթոնի պատրաստութիւններուն մասին եւ ակնկալութիւնը` դուրսէն մասնակցողներու թիւերուն գծով: Իր կարգին, Պայսարի իր զօրակցութիւնը յայտնեց Մէյ...

Նշանառութիւն.  Գոռ Խաչատրեան Եւ Մարի Ղազարեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Նշանառութիւն. Գոռ Խաչատրեան Եւ Մարի Ղազարեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Չեխիոյ Փլզեն քաղաքին մէջ շարունակուեցան Եւրոպայի ախոյեանութեան վազող թիրախ ձեւի մրցումները, եւ երիտասարդ հրաձիգները պայքարի մէջ էին: 10 մեթր վազող թիրախ մրցաձեւի երիտասարդներու պայքարներուն պրոնզ մետալ շահեցաւ Գոռ Խաչատրեան: Գոռ Խաչատրեան 567 կէտ ձեռք ձգելով առաջին դիրքը գրաւեց եւ հասաւ կիսաւարտական: Կիսաւարտականին 6-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք, ան պրոնզէ մետալի մրցումին 6-3 արդիւնքով յաղթեց իր ֆինլանտացի մրցակիցին: Նոյն մարզաձեւի աղջիկներու մրցումներուն,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Միլան – Տորթմունտ Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտի Վերջին Յոյսը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Իր Դէմ Պիտի Ունենայ Լիվըրփուլը

Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի վիճակաձգութիւնը, որ տարբեր ձեւի ըլլալով քիչ մը իրար անցած է: Ինչպէս նշեցինք, խմբակներ չկան, բայց վեր ի վարոյ յստակ են մրցակիցները, եւ այժմ կը ներկայացնենք հիմնական 9 լաւագոյն դասուած խումբերուն մրցումները` «Ն» տառը նշելով իր անձնական դաշտին վրայ տեղի ունենալիք մրցումը, իսկ «Դ»` օտար դաշտին վրայ, ներս եւ դուրս ոճով:...

«Քոնֆերենս Լիկ».  Նոա Հասաւ Պաշտօնական Լիկա… Փիւնիկ Դուրս Մնաց

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա Հասաւ Պաշտօնական Լիկա… Փիւնիկ Դուրս Մնաց

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի աւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներէն ետք հայկական խումբ մը` Նոան հասաւ «Քոնֆերենս լիկ»-ի պաշտօնական մրցաշարք, երբ 88-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց եւ «փրկուեցաւ»: Երթին 3-0 արդիւնքով յաղթած Ռուժոմպերոքին` Սլովաքիայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Նոա լաւ մրցում մը ունեցաւ, սակայն մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց»: Կիսախաղին 2-0 արդիւնքով ետ մնացած Նոա 70-րդ վայրկեանին նեղի մատնուեցաւ` երբ...

Ֆորմիւլա 1.  Պերնտ Մայլանտեր Արկած Ունեցաւ…

Ֆորմիւլա 1. Պերնտ Մայլանտեր Արկած Ունեցաւ…

Ան միշտ շրջավազք կը ներկայանայ արկածէ մը ետք: Պերնտ Մայլանտեր, որ «սէյֆթի քար»-ի (ապահովութեան ինքնաշարժ) վարորդն է 2000 թուականէն ի վեր, երէկ արկած մը ունեցաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք Մոնցայի կրան փրիի փորձերուն ժամանակ: Մայլանտերի Ասթոն Մարթինը 270 քմ ժամական արագութեան վրայ էր, երբ հռչակաւոր Փարապոլիքա դարձուածքին վրայ անոր արգելակը (Ֆրեն) չկրցաւ զսպել ինքնաշարժը, բայց գերմանացի վարորդը ինքնաշարժը աջ ու...

Մայա Ճոյնթ Կրնայ Կորսնցնել Իր Շահած 140 Հազար Տոլարը…

Մայա Ճոյնթ Կրնայ Կորսնցնել Իր Շահած 140 Հազար Տոլարը…

Աւստրալիոյ թենիսվումըն Մայա Ճոնյթ կրնայ կորսնցնել իր վաստակած մրցանակային գումարը, ըստ Ամերիկեան ազգային քոլեճի մարզական միութեան («Էն. Սի. Էյ. Էյ.») օրէնքներուն: Արդարեւ, Ճոյնթ, որ Բ. հանգրուանին դուրս ձգած էր գերմանացի Լաուրա Զիկմունտը, բնականաբար վաստակած էր 140 հազար ամ. տոլար, յաջորդ հանգրուան հասնելուն պատճառով: Բայց Ճոյնթ, որ նախապէս կը յաճախէր Թեքսասի մէկ համալսարանը, որովհետեւ ուսանող-մարզիկ էր եւ արհեստավարժ մրցումներու կը մասնակցէր,...

Փիրլօ Պաշտօնանկ Եղաւ

Փիրլօ Պաշտօնանկ Եղաւ

Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին աստղերէն եւ 2006-ին աշխարհի Անտրէա Փիրլօ պաշտօնանկ եղաւ Սամտորիա ակումբի մարզիչի իր պաշտօնէն, ինչպէս կը հաղորդէ Ճենովայի շրջանի ակումբին մամլոյ ծառայութիւնը: Իտալիոյ «Սերի Պէ.»-ի մէջ 3 հանգրուաններէն 1 կէտ ձեռք ձգած Սամտորիա որոշեց գործէ արձակել Փիրլոն, ինչպէս նաեւ օգնականներ Ռոպերթօ Պարոնիոն, Մաուրօ Պերթոնին, Նիքոլա Փաւարինին եւ Ռաֆայէլ Քլեմենթէն: 45 տարեկան մասնագէտը Սամտորիան կը մարզէր 2023-էն ի...

Ռալի.  Լիբանանի Միջազգային Ռալին Այս Շաբաթավերջին

Ռալի. Լիբանանի Միջազգային Ռալին Այս Շաբաթավերջին

Լիբանանի ինքնաշարժներու մրցումներու ֆետերասիոնը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կը կազմակերպէ Լիբանանի 4-րդ միջազգային ռալին, որ կը սկսի այսօր եւ կ՛աւարտի կիրակի օր: Այս մրցումը մաս կը կազմէ Լիբանանի ռալիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն կ՛երկարի 636,1 քմ հեռաւորութեան վրայ, որուն 199,82 քիլոմեթրը` արագութեան յատուկ հանգրուաններէ բաղկացած (11 հանգրուան), Քեսրուանի, Ժիպէյլի, Պաթրունի եւ Մեթնի շրջաններուն մէջ: Մրցումը կը սկսի ուրբաթ օր (այսօր),...

Նշանառութիւն.  Գոհար Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Նշանառութիւն. Գոհար Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Չեխիոյ Փլզեն քաղաքին մէջ, Եւրոպայի նշանառութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, վազող թիրախի ձեւի մրցումներուն ախոյեան դարձաւ Գոհար Յարութիւնեան: Արդարեւ, 10 մեթր վազող թիրախի մրցաձեւի կիներու մրցումներուն, Գոհար Յարութիւնեան 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ ուքրանացի մրցակիցին դէմ, մինչ կիսաւարտականին ալ 6-2 արդիւնքով առաւելութիւն ունեցած էր այլ ուքրանացի մրցակիցի մը վրայ: Նոյն մրցումներուն, Արուսեակ Գրիգորեան 550 կէտ հաւաքելով 5-րդ դիրքը գրաւած էր, իսկ Լիլիթ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Նոր Ձեւով 36 Խումբերու Դասաւորում

«Չեմփիընզ Լիկ». Նոր Ձեւով 36 Խումբերու Դասաւորում

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն վերջին տարիներուն ուզեց փոփոխութիւն կատարել «Չեմփիընզ լիկ»-ի ձեւին մէջ` աւելի առիթ տալով ամէն տեսակ խումբերու, որոնք կրնան օգտուիլ եւ հասնիլ վերջին նաք աութ հանգրուանին: Նախապէս խումբերը զտումի մրցումներ կատարելէ ետք կը բաժնուէին 8 խմբակներու, որոնց առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կը մեկնէին 1/16-րդ հանգրուան: Այժմ 32 խումբերու փոխարէն 36 խումբեր պիտի բաժնուին 4 խմբակներու, ուր 9...

Խուան Իսքիերտօ Մահացաւ

Խուան Իսքիերտօ Մահացաւ

Ուրուկուէյցի ֆութպոլիստ Խուան Իսքիերտօ, որ 5 օր առաջ Սան Փաուլօ-Նասիոնալ մրցումին (Լիպերթատոր բաժակ) պահուն դաշտին մէջ ուշքը կորսնցուցած եւ փոխադրուած էր հիւանդանոց, մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով: 4 օր մնալէ ետք Սան Փաուլոյի «Ալպերթ Այնշթայն» հիւանդանոցին մէջ, Իսքիերտոյի սրտի տրոփումները չէին փոխուեր եւ անակնկալ ձեւով սիրտը կանգ առած էր` պատճառ դառնալով մահուան: 27 տարեկան պաշտպանը եղած էր Փենիարոլի, Լիվըրփուլ Մոնթեվիտէոյի (Ուրուկուէյ)...

Թենիս.  Ճոքովիչ Մրցանիշ Մը Եւս Ձեռք Կը Ձգէ

Թենիս. Ճոքովիչ Մրցանիշ Մը Եւս Ձեռք Կը Ձգէ

37 տարեկան աշխարհի նախկին թիւ 1 թենիսմեն սերպ Նովաք Ճոքովիչ իր մրցանիշներու կողքին մրցանիշ մը եւս աւելցուց, երբ «Եու. Էս. Օփըն»-ի Բ. հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրեց իր ազգակից Լասլօ Ճերէի դէմ` 6-4, 6-4 եւ 2-0 արդիւնքով: Այդ յաղթանակը եղաւ Ճոքովիչի 90-րդ յաղթանակը` կրան շլեմի մրցաշարքերու ծիրին մէջ, ինչ որ մրցանիշ մըն է: Երրորդ հանգրուանին Ճոքովիչ պիտի մրցի աւստրալիացի Ալեքսի Փոփիրինի...

Եւրոպայի Լաւագոյն Մարզադաշտերը

Եւրոպայի Լաւագոյն Մարզադաշտերը

Վերջերս բազմաթիւ կայքեր, նկատի առնելով ամէն տեսակի չափանիշներ, հրապարակած են ֆութպոլի լաւագոյն մարզադաշտերու լաւագոյն 10-ն, ըստ իրենց համակիրներուն մթնոլորտին` նկատի առնելով հանդիսատեսներուն գոհ մնալը, դաշտին աթոռներուն սակերը, եւ նոյնիսկ դաշտին մէջ գտնուող կրպակներու գիները: Առաջին դիրքը գրաւեց Գերմանիոյ Տորթմունտի դաշտը` Սիկնալ Իտունա Փարքը, որ կրնայ հիւրընկալել 81 հազարէ աւելի համակիրներ, մինչ միջին հաշուով տոմսերուն գիները 35 եւրոյի մօտ են եւ...

Թենիս.  Խաչանով Եւ Աւանէսեան Դուրս Մնացին «Եու. Էս. Օփըն»-էն

Թենիս. Խաչանով Եւ Աւանէսեան Դուրս Մնացին «Եու. Էս. Օփըն»-էն

Երէկ շարունակուեցան «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի մրցաշարքը Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ, եւ հայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց, երբ 5-րդ սեթին իր կեդրոնացումը կորսնցնելով տեղի տուաւ բրիտանացի թենիսմեն Տան Էվընզի առջեւ` 6-7, 7-6, 7-6, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով: Այս մրցումը նոր մրցանիշ մըն էր «Եու. Էս. Օփըն»-ի պատմութեան մէջ, ուր 1992-ի կիսաւարտականին շուէտացի Շթեֆան Էրպերկ պարտութեան մատնած էր ամերիկացի...

Page 185 of 1281 1 … 184 185 186 … 1,281

Արխիւներ