Լիբանանի, Ուասլի եւ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեան Ռիատի կը մեկնի Քաթար, ուր բարեկամական երկու մրցումներ պիտի ունենայ 2 եւ 4 սեպտեմբերին Զամալեքի դէմ, կազմակերպութեամբ Քաթարի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Ռիատի վերջին օրերուն լաւ լուրեր չստացաւ իր անցեալ տարուան օտար մարզիկներէն` նկատի ունենալով, որ Թոն Մէյքըր եւ Ճոնաթըն Սիմընզ չկրցան միանալ խումբին:
Անոնք պիտի փոխարինուին Մեննի Հերիսով եւ Թրէյվըն Թիպոտոյով:
Թիպոտօ, որ Մանամա խումբին անդամ էր եւ սենթըր դիրքի վրայ կը խաղայ, 11 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգած է վերջին եղանակին:
Այլ ամերիկացի Մեննի Հերիս արդէն իսկ կը խաղար Ռիատիի հետ, սակայն Ճոնաթըն Սիմընզի նման կայուն չէր:
Նշենք, որ Ռիատի, որ Սինկափուրի մէջ 12-էն 15 սեպտեմբեր պիտի մասնակցի ՖԻՊԱ-ի միջցամաքամասային մրցումներուն, մաս պիտի կազմէ առաջին խմբակին` իրեն հետ ունենալով սպանական Ունիքախա խումբը, ինչպէս նաեւ Անկոլայի Փեթրօ տը Լուանտա խումբը:
Բ. խմբակին մաս կը կազմեն արժանթինեան Քուիմսա խումբը. Աւստրալիոյ Թասմանիա Ճեքճամփըրզ խումբը, ինչպէս նաեւ Էն. Պի. Էյ. Ճի Լիկ Եունայթըտ խումբը: