Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի առաջին դիրքը գրաւող Լոքոմոթիւ Մոսկուա կիրակի օր 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռոսթով խումբը:
Հայաստանի ազգային խումբի պաշտպան Նայիր Թիքնիզեան, որ վերջերս աւելի ձախ միջնապահ դիրքի վրայ կը խաղայ, կրցաւ նշանակել Լոքոմոթիւի 3-րդ կոլը:
Ռուս միջնապահ Ալեքսի Պաթրաքով 10-րդ վայրկեանին նշանակած էր Լոքոմոթիւի առաջին կոլը, որմէ 3 վայրկեան ետք պրազիլցի Ռոնալտօ նշանակած էր Ռոսթովի հաւասարութեան կոլը:
Իլիա Սամոշնիքով 37-րդ վայրկեանին Պաթրաքովի փոխանցումէն օգտուելով նշանակեց Լոքոմոթիւի 2-րդ կոլը:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, Թիքնիզեան նշանակեց Լոքոմոթիւի 3-րդ կոլը:
96-րդ վայրկեանին Ռոնալտօ նշանակեց Ռոսթովի 2-րդ կոլը: Այս յաղթանակէն ետք, Լոքոմոթիւ գրաւեց առաջին դիրքը` օգտուելով Զենիթի հաւասարութենէն` Սպարտակ Մոսկուայի հետ:
Կրասնոտար, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան, 1-0 արդիւնքով յաղթեց Տինամօ Մոսկուային` շնորհիւ պրազիլցի յառաջապահ Վիքթոր Սայի կոլին: Կրասնոտար գրաւեց 3-րդ դիրքը` դիրքեր փոխանակուելով Տինամօ Մոսկուայի հետ:


