Երէկ առաւօտ, 76 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուաւ շուէտացի նախկին մարզիչ Սվեն Կորան Էրիքսըն:
Էրիքսըն, որ առաջին օտար մարզիչն էր Անգլիոյ ազգային խումբին, մահացաւ իր ընտանիքի անդամներով շրջապատուած:
Յիշեցնենք, որ ան ենթաստամոքսային գեղձի (փանքրէասի) քաղցկեղէ կը տառապէր, եւ անցեալ յունուարին բժիշկները շուրջ 1 տարի կեանք տուած էին անոր:
Էրիքսըն, որ իր հօր հետ Լիվըրփուլի համակիր եղած էր փոքր տարիքէն, քանի մը ամիս առաջ հրաւէր ստացած էր Լիվըրփուլի վեթերաններու մէկ բարեկամական խաղին իբրեւ մարզիչ ներկայ ըլլալու դաշտը: