Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան Պրաթիսլաւա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պանսքա Պիսթրիցան, վերջինիս դաշտին վրայ, արձանագրելով յաջորդական 4-րդ յաղթանակը:
Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան 67-րդ վայրկեանին էսիսթ տուաւ թոկոցի յառաջապահ Մեցոքային, որ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, իսկ 7 վայրկեան ետք ինք նշանակեց Սլովանի 2-րդ կոլը:
Շաբաթ մը առաջ, Քոզիչէի դէմ ալ Տիգրան Բարսեղեան նշանակած էր կոլ մը եւ այժմ 4 կոլերով կը գրաւէ կոլ-սքորըրներու երկրորդ դիրքը` մէկ կոլով ետ մնալով Քոզիչէի յառաջապահ Զան Մետվետէն: