Երէկ առաւօտ Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 20 տարեկանէն վար խումբը 14 մարզիկներով դաշտ ներկայացաւ եւ համեմատաբար լաւ սկսելէ ետք առաջին կիսախաղը, Բ. կիսախաղին կոլեր ստացաւ եւ 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սահել Մեթն Շիմալի խումբէն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը, որ 5 կախակայուած մարզիկներ ունէր, ունէր նաեւ բանակումի մասնակցող 4 տղաք, որոնք բացակայ էին:
Քարլոս Թոմաս փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, ապա մրցակից խումբը հաւասարեցաւ: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ կոլ մը եւս նշանակեց, երբ մրցակից մարզիկ մը սխալմամբ նշանակեց իր խումբի բերդին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 2-րդ կոլը, սակայն մրցակիցը մրցումին ղեկը ձեռքը առաւ, մանաւանդ որ մեր տղոց մէջ գրեթէ անփորձ տղաք ըային, որոնք ստիպուած մասնակցեցան:
Պէտք է ըսել, որ մրցումին արդիւնքը այդքան ալ կարեւոր չէր, որքան մասնակցութեան նպատակը, ուր ամբողջովին հայկական խումբը բաւական լաւ սկսաւ ախոյեանութիւնը, բայց բոլորս ալ գիտենք, որ մրցաշարքի մասնակցիլը չի նմանիր պարզ քանի մը մրցումներու, ուր տղաքը լաւ պատրաստուած պէտք է ըլլան ամիսներ իրարու հետ խաղալով, նոյն մրցակիցներուն հետ մրցելով բարեկամական մրցումներու ձեւով:
Այս խումբը կազմուեցաւ ախոյեանութենէն քանի մը շաբաթ առաջ եւ բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգեց: Բայց հետեւողականութիւնը եւ նախապատրաստութիւնը իր արդիւնքը կու տայ երկար ժամանակի վրայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 10-րդ եւ վերջին հանգրուանի արդիւնքները, որոնց աւարտին Տապըլ Քիք դարձաւ Լեռնալիբանանի երիտասարդներու ախոյեան.
Տապըլ Քիք – Նըժմեթ Սահրա 2-0
Շիյահ – Սաֆա Շուէյֆաթ 3-1
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի 2-5 Վերջնական դասաւորում.
1.- Տապըլ Քիք 19 (19-12)
2.- Շիյահ 19 (19-7)
3.- Նըժմեթ Սահրա 16 (27-29)
4.- Սաֆա Շուէյֆաթ 14 (21-20)
5.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 12 (22-18)
6.- Սահել Մեթն Շիմալի 6 (16-28)


