Կրասնոտարի միջնապահ Քեւին Լենին հարցազրոյցի մը պահուն իր կարծիքը յայտնած է Էտուարտ Սփերձեանի մասին, առ այն, թէ ան կրնայ հեռանալ ռուսական ակումբէն:
«Սփերձեան Եւրոպայի մէջ խաղալու ներուժ ունի: Ան բարձր որակներ ունեցող ֆութպոլիստ է: Ընդհանուր առմամբ մենք լաւ խումբ ունինք: Մեր ակումբի բոլոր մարզիկներն ալ որակաւորուած են եւ կու տան իրենց լաւագոյնը», ըսած է Լենին:
Նշենք, որ «Արմենի ֆութպոլ» կայքը աւելի կանուխ յայտնած էր, որ Սփերձեան Կրասնոտարի ղեկավարութեան յայտնած էր, թէ կը փափաքի հեռանալ կազմէն` ամառնային փոխանցումներու ժամանակամիջոցին:
24 տարեկան Սփերձեան Կրասնոտարի սան է: Հիմնական կազմին հետ ան կատարած է 116 մրցում` նշանակելով 33 կոլ եւ կատարելով 27 էսիսթ: Անոր պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 2026-ի ամառ: Անոր «շուկայի» արժէքը մօտ 20 միլիոն եւրօ է, ըստ «Թրանսֆեր Մարքեթ» կայքին: