Մարզական

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Յայտարարեց 2024-2025 Տարեշրջանի Իր Խումբը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յայտարարեց 2024-2025 Տարեշրջանի Իր Խումբը

Երէկ յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը եւ պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամ Կի Մանուկեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը, որ պիտի մասնակցի 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանութեան: Խումբին մարզիչն է Ճօ Մժահես, իսկ օգնական մարզիչը` Զիատ Նաթուր: Խումբին օտար մարզիկներն են Ճոզեֆ «Ճօ» Եանկ, Թոմաս Ռոպինսըն եւ Շապազ Մոհամետ: Լիբանանցի մարզիկներն են Կերի Չիմիչեան, Կեպի Աճէմեան, Էլի Ռոսթոմ, Ամիր Քասսապ, Սէրուժ...

Թենիս.  Էլինա Աւանէսեան Նշեց Իր 22-րդ Տարեդարձը

Թենիս. Էլինա Աւանէսեան Նշեց Իր 22-րդ Տարեդարձը

Հայաստանի ներկայացուցիչ եւ աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման թիւ 49 թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան երէկ Երեւանի մէջ իր երկրորդ փորձը կատարեց: «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի, Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած Էլինա Աւանէսեան յաջորդական երկրորդ օրը ըլլալով կը մարզուի Վահագնի թաղամասը: Իր երկրորդ օրուան փորձը երէկ կը զուգադիպէր Էլինա Աւանէսեանի ծննդեան օրուան...

Ճատրակ.  Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները Պարտուեցան

Ճատրակ. Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները Պարտուեցան

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի համաշխարհային ճատրակի Օլիմփիատի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլիփինեան կղզիներու խումբը: Յաղթանակներ արձանագրեցին Շանթ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան: Հայաստանի հաւաքականը 5 հանգրուաններու յաղթեց Մալթային (4-0), Անտորրային (3-1), Պրազիլին (3-1), Շուէտին (2,5-1,5), եւ երէկ` Ֆիլիփեան կղզիներուն, մինչ 4-րդ հանգրուանին պարտութիւն կրած էր Չինաստանէն (1,5-2,5): Այսօր, 7-րդ հանգրուանին, տղոց մրցակիցը պիտի ըլլայ Անգլիան, որ...

Մարատոնայի Մահուան Պատճառի Դատը` Յետաձգուած

Մարատոնայի Մահուան Պատճառի Դատը` Յետաձգուած

Ֆութպոլի պատմական անուններէն Տիեկօ Մարատոնայի մահուան պատճառ դարձած  բժշկական մարմինի 8 անդամներու դատավարութեան թուականը անգամ մը եւս յետաձգուեցաւ եւ տեղի պիտի ունենայ մարտ 2025-ին: Պուենոս Այրեսի արուարձաններէն Սան Իզիզրօ քաղաքի դատարանը, որ սկզբունքով անցեալ 4 յունիսին պիտի սկսէր դատը` Մարատոնայի մահուան հետ կապ ունեցող 8 բժիշկներու, առաջին անգամ ըլլալով դատավարութիւնը յետաձգած էր 1 հոկտեմբերին: Ըստ «Լա Նասիոն» թերթին, 11 մարտ...

Մաուրիսիօ Փոչեթինօ` Միացեալ Նահանգներու  Պատմութեան Ամէնէն «Սուղ» Մարզիչը

Մաուրիսիօ Փոչեթինօ` Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Ամէնէն «Սուղ» Մարզիչը

Արժանթինցի մարզիչ Մաուրիսիօ Փոչեթինօ երկու տարուան համար պայմանագրութիւն մը կնքեց` մարզելու Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբը: Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի, ան 6 միլիոն ամ. տոլար պիտի ստանայ իւրաքանչիւր տարուան համար, շատ աւելի քիչ` իր նախկին ակումբ Չելսիէն ստացումէն, սակայն ամէնէն շատը` Միացեալ Նահանգներու մարզիչներու պատմութեան: Կրեկ Պերհալտըր, որ կը մարզէր ազգային խումբը մինչեւ յունիս 2024, 2022-ին ստացած էր 2,3...

Ֆեռնանտես Զրկուեցաւ Ինքնաշարժ Վարելու Իրաւունքէն

Ֆեռնանտես Զրկուեցաւ Ինքնաշարժ Վարելու Իրաւունքէն

Չելսիի եւ Արժանթինի ազգային խումբի միջնապահ Էնզօ Ֆեռնանտես Բրիտանիոյ մէջ ինքնաշարժ վարելու իրաւունքէն զրկուեցաւ 6 ամիսով: Ըստ «Սքայ Սփորթս»-ի, 23 տարեկան Ֆեռնանտես 3 հազար սթերլինկի տուգանքի ալ ենթարկուեցաւ: Անցեալ տարուան 28 նոյեմբերին Ֆեռնանտեսի Փորշէ Քայենը կարմիր լոյսի ժամանակ խաչմերուկ մը անցած է, իսկ 20 դեկտեմբերին բնականէն աւելի արագ Սուանսիի մէկ ճամբուն վրայ կը սլանար... Յստակ չէր, եթէ Ֆեռնանտես ինք էր...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Նըժմէ Շահեցաւ Լիբանանի Գերբաժակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Շահեցաւ Լիբանանի Գերբաժակը

Շաբաթավերջին Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» անուան քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը` Նըժմէի եւ Անսարի միջեւ: Նըժմէ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Անսարին` շնորհիւ կանացի յառաջապահ Քոլինզի (2) եւ Ռապիհ Աթայայի կոլերուն, մինչ Ալի Թնէյշ նշանակեց Անսարի միակ կոլը: Նշենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 65-րդ ախոյեանութիւնը կը սկսի այս շաբաթավերջին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Ներկայացնէ Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Ներկայացնէ Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի ներկայացնէ այս տարեշրջանի պասքեթպոլի տղոց խումբը: Հրաւիրուած են բոլորը` ծանօթանալու մարզիկներուն, որոնք 2024-2025 տարեշրջանին պիտի կրեն նարնջագոյն տարազը` ուրախացնելու համակիրները: Համակիրները պիտի ծանօթանան մեր նոր մարզիկներուն, որոնց կարգին անակնկալ անուններ կան` ըստ կարգ մը շշուկներու:  

Պասքեթպոլ. Ռիատի 4-դ Դիրքը Գրաւեց. Ունիքախա` Տիտղոսակիր

Պասքեթպոլ. Ռիատի 4-դ Դիրքը Գրաւեց. Ունիքախա` Տիտղոսակիր

Կիրարկի օր, Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցան պասքեթպոլի միջցամաքամասային դասաւորման մրցումները: Աւարտականին «Եուրօ Լիկ»-ի ախոյեան սպանական Ունիքախա 79-68 արդիւնքով յաղթեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ճի. Լիկ»-ի աստղերու խումբին: Ունիքախա իր 3 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց: Լիբանանի, Ուասլի եւ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի շաբաթ օր 80-75 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Անկոլայի եւ Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ Տը Լուանտայի: Մենի հազիւ 22 կէտ նշանակած էր, մինչ...

Ճատրակ.  Հայաստանի Զոյգ Խումբերը Յաղթանակներ Տարին 5-րդ Հանգրուանին

Ճատրակ. Հայաստանի Զոյգ Խումբերը Յաղթանակներ Տարին 5-րդ Հանգրուանին

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ շարունակուեցան ճատրակի համաշխարհային Օլիմփիատի մրցումները, որոնց 5-րդ հանգրուանին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները յաղթանակներ արձանագրեցին: Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2667 կէտ), Շանթ Սարգսեան (2649) եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան (2619) իրենց ելոյթները հաւասարութեամբ աւարտեցին Շուէտի հաւաքականին դէմ, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան (2646) սպիտակ քարերով կրցաւ յաղթել շուէտացի իր մրցակիցին, եւ Հայաստան 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շուէտը: Հայաստանի տղոց հաւաքականը նախապէս...

«Եու. Է. Էֆ. Ա. «Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ա. Սէ. Միլան – Լիվըրփուլ Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Ինթեր Միլան

«Եու. Է. Էֆ. Ա. «Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ա. Սէ. Միլան – Լիվըրփուլ Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Ինթեր Միլան

Այսօր կը սկսի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի սպասուած մրցաշարքը` իր նոր տարբերակով: Առաջուան նման խմբակներ չկան, եւ 36 խումբերը պիտի կատարեն 8 մրցում, տարբեր մրցակիցներու դէմ, 4-ը իր դաշտին վրայ, իսկ միւս 4-ը` դաշտէն դուրս: Մրցումներու աւարտին, առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին 1/8-րդ աւարտական: 9-րդէն 16-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կը մրցին 17-էն 24-րդին դէմ (վիճակաձգութեամբ)...

Ֆորմիւլա 1.  Փիասթրի Շահեցաւ Պաքուի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Փիասթրի Շահեցաւ Պաքուի Կրան Փրին

Մաքլարենի վարորդ Օսքար Փիասթրի (Աւստրալիա) շահեցաւ այս տարուան 17-րդ կրան փրին` Պաքուի մէջ: Փիասթրի գրեթէ ամբողջ մրցումը կրցաւ իր ետին ձգել Շարլ Լըքլերի Ֆեռարին, որ փոլ փոզիշընէն սկսած էր մրցումը, բայց անիւ փոխելու ժամանակ կորսնցուց իր դիրքը: Մրցումը բաւական հետաքրքրական դարձաւ, երբ Մաքլարենի միւս վարորդը` Լանտօ Նորիս, որ 15-րդ դիրքէն սկսաւ, մրցումին ամէնէն ուշ անիւ փոխողը դարձաւ եւ կրցաւ աւարտէն...

ՖԻՊԱ Միջցամաքամասային Մրցաշարք.  Ռիատի – Ունիքախա 59-96

ՖԻՊԱ Միջցամաքամասային Մրցաշարք. Ռիատի – Ունիքախա 59-96

Երէկ «ՖԻՊԱ»-ի միջցամաքամասային մրցումները շարունակուեցան Սինկափուրի մէջ, ուր առաջին խմբակէն Լիբանանի, Ուասլի եւ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի 59-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եւրոպայի ախոյեան սպանական Ունիքախա խումբէն: Սպանական խումբը, որ օր մը առաջ 94-78 արդիւնքով յաղթած էր Ափրիկէի ախոյեան Անկոլայի Փեթրօ Տը Լուանտա խումբին, շատ դժուարութիւն չունեցաւ Ռիատիի դէմ, մանաւանդ որ խումբին օտարները` Մենի Հերիս եւ Թրեւըն Թիպոտօ... օտար հիւրեր էին...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լոնտոնի Տերպին Վաղը` Թոթենհամ – Արսենալ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լոնտոնի Տերպին Վաղը` Թոթենհամ – Արսենալ

Վաղը Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի «շաբթուան մրցումը» իրար դէմ պիտի հանէ հիւսիսային Լոնտոնի Թոթենհամը եւ Արսենալը` «Լոնտոնի տերպի»-ին: 65-րդ ճակատումը հետաքրքրական կը խոստանայ ըլլալ, մանաւանդ որ Թոթենհամ կը վերադառնան Տոմինիք Սոլանքէ եւ Միքի Վան տը Վեն, որոնք վիրաւոր էին եւ տարեշրջանի առաջին մրցումը պիտի կատարեն: Թոթենհամի համակիրները վերջին 7 ելոյթներուն (իրենց դաշտին վրայ) միայն 1 անգամ յաղթանակ տօնած են (1 հաւասար...

Ճատրակ.  Հայաստան Յաղթանակներով Սկսաւ Հունգարիոյ Օլիմփիատը

Ճատրակ. Հայաստան Յաղթանակներով Սկսաւ Հունգարիոյ Օլիմփիատը

Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերը իրենց երկրորդ հանգրուանի մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեցին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի համաշխարհային Օլիմփիատի մրցումներուն: Առաջին հանգրուանին 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մալթային, երկրորդ հանգրուանին Հայաստան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Անտորրային: Հայաստանի ազգային խումբին մաս կը կազմեն Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2667 կէտ), Շանթ Սարգսեան (2649), Կապրիէլ Սարգսեան (2646), Ռոպերթ Յովհաննիսեան (2619) եւ Կարէն Հ....

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նպատակ Չունի Վճարելու 55 Միլիոն Եւրօ

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նպատակ Չունի Վճարելու 55 Միլիոն Եւրօ

Ֆրանսայի Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբը, որ ըստ Ֆրանսայի ֆետերասիոնի դատական յանձնախումբին ստիպուած է վճարել 55 միլիոն եւրօ իր նախկին յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին, մտադիր չէ վճարել այդ գումարը: Ըստ ֆետերասիոնի որոշումին, Էմպափէ պէտք է ստանար իր ապրիլի, մայիսի եւ յունիսի աշխատավարձերը եւ պոնիւսները, որոնք կը հասնին 55 միլիոն եւրոյի, 8 տարուան ընթացքին: Սակայն Փարիզ Սեն Ժերմեն յայտնեց, թէ չ՛ուզեր վճարել Էմպափէի...

Ֆորմիւլա 1.  Վերշթափըն Հսկայ Գործ Ունի

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Հսկայ Գործ Ունի

Ֆորմիւլա 1-ի 2024 տարին ամէնէն հետաքրքրական տարին կրնայ ըլլալ վերջին ժամանակաշրջանին, ուր ոչ մէկ բան յայտնի է: Հասած ենք 17-րդ կրան փրիին` Ազրպէյճանի մէջ, ուր վերջին 3 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր Ռետ Պուլին հետ շատ լաւ սկսելէ ետք տարին, վերջին 6 մրցումներուն դէմ կրցած որեւէ յաղթանակ արձանագրել: Լանտօ Նորիս Վերշթափընի միակ «գլխու ցաւ»-ը չէ... ան նոյնիսկ իր ինքնաշարժէն...

Ամառնային Փոխանցումներու Լաւագոյն 10-ն` Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի

Նշմար. Ֆութպոլը Դէպի Ո՞ւր

ԿԱՐՕ Կ. Վերջին տարիներուն նկատելի բաներ կան ֆութպոլի մէջ, ուր պաշտօնական մրցաշարքերու` Մոնտիալ, Եուրօ կամ Քոփա Ամերիքա, հետաքրքրական խաղեր շատ հազուադէպ կ՛ըլլան: Առաջուան նման պրազիլական, իտալական, անգլիական կամ գերմանական խաղաոճ չմնաց: Բաւական միօրինակ դարձած էր ֆութպոլը մեր կարծիքով... բայց ըստ երեւոյթին հին մասնագէտներու կարծիքով ալ այդ մէկը նոյնն է: Վերջերս հարցազրոյց մը կը կարդայի 1983-1984-1985-ի Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ Միշել Փլաթինիի...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Կրեց Իր Փորձ-Մրցումին

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Կրեց Իր Փորձ-Մրցումին

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր լուրջ փորձերը կը շարունակէ, եւ անշուշտ փորձ-մրցումները աւելի բարձր դասակարգի խումբերու դէմ շատ բան կը սորվեցնեն, թէ ո՛ր մարզիկները զօրաւոր մրցումներուն յարմար են եւ կրնան արդիւնք տալ: Կարգ մը խումբեր տկար մրցակիցներ կ՛ընտրեն պատրաստուելու ժամանակ, բայց ինչպէս ժամանակի ընթացքին փաստուած է, փորձ-մրցումներուն արդիւնքները այդքան ալ կարեւոր չեն, այլ այդ պարտութիւններէն շատ կարեւոր է սորվիլ սխալները (եթէ...

Ամառնային Փոխանցումներու Լաւագոյն 10-ն` Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի

Ամառնային Փոխանցումներու Լաւագոյն 10-ն` Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի

Ինչպէս գիտէք, անցեալ 31 օգոստոսին փակուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի փոխանցումներու «պատուհան»-ը, ապա «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ը ներկայացուց ամէնէն յաջող եւ լաւագոյն փոխանցումները, առանց անշուշտ նկատի առնելու ազատ փոխանցումները, ինչպէս ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէի փոխանցումը` Ռէալ Մատրիտ: Ստորեւ կը ներկայացնենք լաւագոյն 10 փոխանցումները, իրենց արժէքն ալ` փակագիծերուն մէջ: 1.- Էնտրիք (Պրազիլ) Փալմէյրասէն Ռէալ Մատրիտ (47.5 միլիոն եւրօ) 2.- Ժոաօ Նեւիշ (Փորթուգալ) Պենֆիքայէն Փարիզ...

Page 181 of 1281 1 … 180 181 182 … 1,281

Արխիւներ