Երէկ յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը եւ պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամ Կի Մանուկեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը, որ պիտի մասնակցի 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանութեան:
Խումբին մարզիչն է Ճօ Մժահես, իսկ օգնական մարզիչը` Զիատ Նաթուր:
Խումբին օտար մարզիկներն են Ճոզեֆ «Ճօ» Եանկ, Թոմաս Ռոպինսըն եւ Շապազ Մոհամետ:
Լիբանանցի մարզիկներն են Կերի Չիմիչեան, Կեպի Աճէմեան, Էլի Ռոսթոմ, Ամիր Քասսապ, Սէրուժ Աւետիսեան, Փիթըր Տեքերմենճեան եւ Գէորգ Գէորգ:
Տակաւին լիբանանցի մարզիկի տեղ կայ, եւ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային միանայ մարզիկ մը եւս:
Ինչպէս յստակ է, խումբը դաշտին վրայ պիտի մասնակցի 3 օտարներով, բան մը, որ շատ կ՛օգնէ, եւ առիթ կ՛ունենանք մարզիկները ռոթէյշթնով հանգստացնել խտացուած ժամանակ շատ մրցումներու պարագային: