Կիրարկի օր, Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցան պասքեթպոլի միջցամաքամասային դասաւորման մրցումները:
Աւարտականին «Եուրօ Լիկ»-ի ախոյեան սպանական Ունիքախա 79-68 արդիւնքով յաղթեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ճի. Լիկ»-ի աստղերու խումբին:
Ունիքախա իր 3 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց: Լիբանանի, Ուասլի եւ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի շաբաթ օր 80-75 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Անկոլայի եւ Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ Տը Լուանտայի: Մենի հազիւ 22 կէտ նշանակած էր, մինչ Հայկ Կէօքճեան 10 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր: Օր մը առաջ 3 կէտ նշանակած Հարիս 9 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց այս մրցումին:
Կիրակի օր, պրոնզ մետալի մրցումին, Ռիատի շատ գեղեցիկ մրցում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Ովկիանիոյ ախոյեան Թասմանիա Ճեքճամփըրզի դէմ, եւ քանի մը առիթով մանաւանդ վերջին մասին 7 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգեց մրցակիցին վրայ (60-53), սակայն մրցակից խումբը օգտուեցաւ պզտիկ սխալներէ եւ հաւասարեցաւ: Վերջին առիթը Ուաէլ Արաքժիի 2 կէտերն էին, որոնց շնորհիւ Ռիատի 75-75 արդիւնքով հաւասարեցաւ մրցումի աւարտէն 1 վայրկեան առաջ, սակայն մրցակիցը կրցաւ օգտուիլ պաշտպանողական սխալներէ եւ մրցումը աւարտել ի նպաստ աւստրալիական կազմին` 80-75 արդիւնքով:
Ուաէլ Արաքժի վիրաւոր ըլլալով կը խաղար եւ օր մը առաջ հազիւ 6 վայրկեան խաղցած էր, մինչ Ալի Մանսուր չմասնակցեցաւ, դարձեալ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով
Ուաէլ Արաքժի 26 վայրկեան խաղցաւ` նշանակելով 13 կէտ: Հայկ Կէօքճեան 19 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 8 ռիպաունտ: Նոյնքան ռիպաունտ ձեռք ձգեց Մենի Հարիս, որ 5 կէտ նշանակեց: Էլմետին Քիքանովիչ (16 կէտ) եւ Ամիր Սէուտ (14 կէտ) կարեւոր կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Ռիատիի, որ 3-րդ մասին 26 կէտ նշանակեց:
Այս արդիւնքը շատ պատուաբեր կը նկատուի Լիբանանի եւ Ասիոյ համար: 5-րդ դիրքը գրաւեց Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ Տը Լուանտան, որ 70-64 արդիւնքով յաղթեց Արժանթինի եւ Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Քուիմսային, որ իր 3 մրցումներն ալ պարտութեամբ աւարտեց: