Ֆութպոլի պատմական անուններէն Տիեկօ Մարատոնայի մահուան պատճառ դարձած բժշկական մարմինի 8 անդամներու դատավարութեան թուականը անգամ մը եւս յետաձգուեցաւ եւ տեղի պիտի ունենայ մարտ 2025-ին:
Պուենոս Այրեսի արուարձաններէն Սան Իզիզրօ քաղաքի դատարանը, որ սկզբունքով անցեալ 4 յունիսին պիտի սկսէր դատը` Մարատոնայի մահուան հետ կապ ունեցող 8 բժիշկներու, առաջին անգամ ըլլալով դատավարութիւնը յետաձգած էր 1 հոկտեմբերին:
Ըստ «Լա Նասիոն» թերթին, 11 մարտ 2025-ին պիտի սկսի դատը ուղեղի գործողութիւն կատարած բժիշկին, հոգեբուժին, հոգեբանին, ինչպէս նաեւ 4 հիւանդապահուհիներուն, որոնք կրնան 8-էն 25 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Ֆութպոլի պատմական աստղը, որ Արժանթինի 2-րդ մոնտիալ շահեցաւ 1986-ին, 60 տարեկանին մահացած էր նոյեմբեր 2020-ին, սրտի կաթուածի պատճառով, ուղեղային վիրաբուժութենէ քանի մը օր ետք:


