Երէկ «ՖԻՊԱ»-ի միջցամաքամասային մրցումները շարունակուեցան Սինկափուրի մէջ, ուր առաջին խմբակէն Լիբանանի, Ուասլի եւ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի 59-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եւրոպայի ախոյեան սպանական Ունիքախա խումբէն:
Սպանական խումբը, որ օր մը առաջ 94-78 արդիւնքով յաղթած էր Ափրիկէի ախոյեան Անկոլայի Փեթրօ Տը Լուանտա խումբին, շատ դժուարութիւն չունեցաւ Ռիատիի դէմ, մանաւանդ որ խումբին օտարները` Մենի Հերիս եւ Թրեւըն Թիպոտօ… օտար հիւրեր էին եւ միասնաբար 7 կէտ նշանակեցին միայն: Անշուշտ ասիկա միակ պատճառը չէր, բայց եթէ Ճոնաթըն Սիմընզ եւ Թան Մէյքըր ըլլային Ռիատիի հետ, շատ աւելի լաւ եւ հաւասարակշռուած մրցում մը կրնար ըլլալ:
Էլմետին Քիքանովիչ 19 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ուաէլ Արաքժի (11 կէտ), Քարիմ Զէյնուն (9 կէտ), Ամիր Սէուտ (6 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (5 կէտ), Թիպոտօ (4 կէտ), Մէնի Հերիս (3 կէտ) եւ Պիլալ Թապպարա (2 կէտ) եղան Ռիատիի կէտերը նշանակողներ:
Այսօր ժամը 15:00-ին, Ռիատի իր երկրորդ եւ վերջին մրցումը պիտի կատարէ Ա. խմբակին մէջ, ուր պիտի մրցի Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ Տը Լուանտայի դէմ:
Ունիքախա հասաւ աւարտական մրցումին եւ պիտի մրցի Բ. խմբակի Էն. Պի. Էյ. Ճի Լիկի հաւաքականին դէմ, որ Ովկիանիոյ ախոյեան Թասմանիա Ճեքճամփըրզի նման 1 յաղթանակ արձանագրած է Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Քուիմսայի դէմ:
Ժամը 12:00-ին (այսօր) Ճի. Լիկ Եունայթըտ պիտի մրցի Թասմանիա Ճեքճամփըրզի դէմ: Այս մրցումին յաղթականը վաղը աւարտականին (ժամը 14:00-ին) պիտի մրցի Եւրոպայի ախոյեան Ունիքախայի դէմ:
Ա. խմբակի Բ. դիրքը գրաւողը (Ռիատի-Փեթրօ տը Լուանտայի յաղթականը) պիտի մրցի Ճիւլիկ Եունայթըտ – Թասմանիա Ճեքճամփըրզ մրցումին պարտուողին դէմ, ժամը 11:00-ին, իսկ 5-րդ դիրքի մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Ա. խմբակի վերջին դիրքը գրաւող խումբը եւ Քռիմսան, ժամը 8:00-ին: