Հայաստանի ներկայացուցիչ եւ աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման թիւ 49 թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան երէկ Երեւանի մէջ իր երկրորդ փորձը կատարեց:
«Կերոն» զարգացման հիմնադրամի, Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած Էլինա Աւանէսեան յաջորդական երկրորդ օրը ըլլալով կը մարզուի Վահագնի թաղամասը:
Իր երկրորդ օրուան փորձը երէկ կը զուգադիպէր Էլինա Աւանէսեանի ծննդեան օրուան հետ, որ նշուեցաւ իր հօր եւ մօր հետ` փորձի ազդանշանէն առաջ:
Նշենք, որ Էլինա Աւանէսեան կը պատրաստուի Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ 25 սեպտեմբերին սկսելիք Չինաստանի բաց մրցաշարքին, որ մաս կը կազմէ Տապըլիու. Թի. Էյ. 1000-ի շարքի մրցաշարքերուն: