Այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի ներկայացնէ այս տարեշրջանի պասքեթպոլի տղոց խումբը:
Հրաւիրուած են բոլորը` ծանօթանալու մարզիկներուն, որոնք 2024-2025 տարեշրջանին պիտի կրեն նարնջագոյն տարազը` ուրախացնելու համակիրները:
Համակիրները պիտի ծանօթանան մեր նոր մարզիկներուն, որոնց կարգին անակնկալ անուններ կան` ըստ կարգ մը շշուկներու:


