Արժանթինցի մարզիչ Մաուրիսիօ Փոչեթինօ երկու տարուան համար պայմանագրութիւն մը կնքեց` մարզելու Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբը:
Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի, ան 6 միլիոն ամ. տոլար պիտի ստանայ իւրաքանչիւր տարուան համար, շատ աւելի քիչ` իր նախկին ակումբ Չելսիէն ստացումէն, սակայն ամէնէն շատը` Միացեալ Նահանգներու մարզիչներու պատմութեան:
Կրեկ Պերհալտըր, որ կը մարզէր ազգային խումբը մինչեւ յունիս 2024, 2022-ին ստացած էր 2,3 միլիոն ամ. տոլար, ներառեալ 900 հազար ամ. տոլարի պոնիւս:
Փոչեթինօ իր ամէնէն յաջող ժամանակը անցուցած է Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ` շահելով Թրոֆէ տէ Շամփիոն մրցաշարքը 2020-ին, Ֆրանսայի բաժակի մրցաշարքը 2020-2021 տարեշրջանին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը` «Լիկ 1» 2021-2022 տարեշրջանին:
Ան իր ասպարէզին ժամանակ մարզած է նաեւ Էսփանիոլ Պարսելոնան, Սաութհեմփթընը, Թոթենհամը, Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ Չելսին:


