Ֆորմիւլա 1-ի 2024 տարին ամէնէն հետաքրքրական տարին կրնայ ըլլալ վերջին ժամանակաշրջանին, ուր ոչ մէկ բան յայտնի է:
Հասած ենք 17-րդ կրան փրիին` Ազրպէյճանի մէջ, ուր վերջին 3 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր Ռետ Պուլին հետ շատ լաւ սկսելէ ետք տարին, վերջին 6 մրցումներուն դէմ կրցած որեւէ յաղթանակ արձանագրել:
Լանտօ Նորիս Վերշթափընի միակ «գլխու ցաւ»-ը չէ… ան նոյնիսկ իր ինքնաշարժէն գոհ չէ, մանաւանդ որ տարուան սկիզբէն ան միշտ կը գանգատէր, թէ ինքնաշարժը անցեալ տարիներուն նման հանգիստ կարելի չէ վարել:
Այս մրցումէն անկախ տակաւին 7 կրան փրիներ կան, բայց Վերշթափընի 62 կէտերու առաւելութիւնը հետզհետէ կը նուազի:
Մաքս ոչ միայն պէտք է շահի կրան փրիներ, այլ պէտք է իր ետին պահէ Լանտօ Նորիսը, որ իր Մաքլարենով շատ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերէ, քան Ռետ Պուլ:
Ինքնաշարժներու կէտերու դասաւորման մէջ շատ չնչին եղած է Ռետ Պուլի առաւելութիւնը:
«Կրնայ անակնկալ վատ 2 շաբաթներ ունենաս, եւ անդին Լանտօ Նորիս լաւ արդիւնք ձեռք ձգէ, եւ ահա մրցակցութիւնը շատ աւելի կը թէժանայ», ըսաւ Ռետ Պուլի տնօրէն Քրիսթիան Հորնըր:
Հարցը այստեղ չի վերջանար: Վերջին մրցումներուն Մաքլարենի կողքին Մերսետես ալ միացած է մրցակցութեան, մինչ Ֆեռարի իր խելացի դիտարկումներով կէտեր կը խլէ բոլորէն:
Երէկ փորձի առաջին օրուան մրցումներուն Ֆեռարի եւ Ռետ Պուլ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին, բայց Մաքլարեն աւելի արդիւնաւէտ «կակուղ» անիւներով փորձ չըրաւ:
Ազրպէյճանի կրան փրին, որ սկսաւ 2016-էն, կը բաղկանայ 51 շրջաններէ:
Անցեալ տարի Սերխիօ Փերես կրցած էր շահիլ այս կրան փրին` դառնալով միակ վարորդը, որ 2 անգամ շահած է զայն:


