Չելսիի եւ Արժանթինի ազգային խումբի միջնապահ Էնզօ Ֆեռնանտես Բրիտանիոյ մէջ ինքնաշարժ վարելու իրաւունքէն զրկուեցաւ 6 ամիսով:
Ըստ «Սքայ Սփորթս»-ի, 23 տարեկան Ֆեռնանտես 3 հազար սթերլինկի տուգանքի ալ ենթարկուեցաւ: Անցեալ տարուան 28 նոյեմբերին Ֆեռնանտեսի Փորշէ Քայենը կարմիր լոյսի ժամանակ խաչմերուկ մը անցած է, իսկ 20 դեկտեմբերին բնականէն աւելի արագ Սուանսիի մէկ ճամբուն վրայ կը սլանար…
Յստակ չէր, եթէ Ֆեռնանտես ինք էր ինքնաշարժ վարողը, սակայն չպատասխանելէ ետք ոստիկանութեան հարցումներուն, վերջինս ստիպուած էր տուգանքը իր ինքնաշարժի տիրոջ անունով ներկայացնել: