Ֆրանսայի Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբը, որ ըստ Ֆրանսայի ֆետերասիոնի դատական յանձնախումբին ստիպուած է վճարել 55 միլիոն եւրօ իր նախկին յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին, մտադիր չէ վճարել այդ գումարը:
Ըստ ֆետերասիոնի որոշումին, Էմպափէ պէտք է ստանար իր ապրիլի, մայիսի եւ յունիսի աշխատավարձերը եւ պոնիւսները, որոնք կը հասնին 55 միլիոն եւրոյի, 8 տարուան ընթացքին:
Սակայն Փարիզ Սեն Ժերմեն յայտնեց, թէ չ՛ուզեր վճարել Էմպափէի գումարը:
Ֆետերասիոնը այս պարագային կրնայ արգիլել որեւէ մարզիկի փոխադրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի ակումբ` իբրեւ պատիժ:
Ֆետերասիոնը չի կրնար ստիպել ակումբին, որ վճարէ մարզիկին իրաւունքները, բայց կրնայ ակումբին դէմ դիմել պատժամիջոցներու, որոնց կարգին կրնայ մարզիկներու տեղափոխութեան արգելքը ըլլալ:


