Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ֆութպոլը Դէպի Ո՞ւր

September 13, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Վերջին տարիներուն նկատելի բաներ կան ֆութպոլի մէջ, ուր պաշտօնական մրցաշարքերու` Մոնտիալ, Եուրօ կամ Քոփա Ամերիքա, հետաքրքրական խաղեր շատ հազուադէպ կ՛ըլլան: Առաջուան նման պրազիլական, իտալական, անգլիական կամ գերմանական խաղաոճ չմնաց: Բաւական միօրինակ դարձած էր ֆութպոլը մեր կարծիքով… բայց ըստ երեւոյթին հին մասնագէտներու կարծիքով ալ այդ մէկը նոյնն է:

Վերջերս հարցազրոյց մը կը կարդայի 1983-1984-1985-ի Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ Միշել Փլաթինիի հետ, որ ըսած էր, թէ ինք նոյնիսկ ձանձրանալու սկսած էր ֆութպոլէն: Ըստ Փլաթինիի, Եւրոպայի ախոյեանութեան միայն Սպանիան լաւ ֆութպոլ կը խաղար, եւ ֆութպոլի առումով յաջող չէր Եուրոն: Փլաթինիի կարծիքով` այլեւս չկայ դպրոցներու եւ խաղաոճերու բազմազանութիւն: Բոլորը կը խաղան, ինչպէս Կուարտիոլան կը խաղցնէ Մանչեսթըր Սիթին: Կուարտիոլան կը յաջողի անշուշտ լաւ եւ որակաւոր մարզիկներու հետ: Ազգային խումբերու պարագային նոյնը կատարելը դժուար է եւ ձախողութիւն կրնայ բերել:

Տարիներ առաջ Կուարտիոլայի խաղաոճը ինծի համար փլէյ-սթէյշընի խաղի կը նմանէր, գնդակին տիրապետել, կողմնակի փոխանցումներով մինչեւ մրցակից մը սխալ քայլ առնելը, որմէ օգտուելով կոլ նշանակել: Դրամով կրնայ այս ձեւի խումբեր շինուիլ: Անդին խումբեր կան, որոնք աւելի նուազ պիւտճէով քանի մը տարին անգամ մը խմբակ մը կրնան պատրատել եւ շահիլ, օրինակ` «Չեմփիընզ լիկ»:

1980-ականներուն Դանիոյ ազգային խումբի խմբապետ (1980-ի մոնտիալին) Մորթըն Օլսըն այժմ 75 տարեկան է եւ այլեւս ֆութպոլ չ՛ուզեր դիտել… 10 վայրկեան դիտելէ ետք ան կը զզուի եւ կը բանայ «Նեթֆլիքս»:

Հռչակաւոր պրազիլցի յառաջապահ Ռոնալտօ իր կարգին համ չ՛առներ ֆութպոլէն եւ կը նախընտրէ դիտել կամ նոյնիսկ խաղալ թենիս:

Արդեօք ամէն ինչի կատարելագործուած ձեւը որդեգրելը ֆութպոլին ի վնա՞ս կը թուի ըլլալ:

Յստակ բան մըն է, որ ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն խաղէն աւելի նիւթական շահ է, որ կը փնտռեն, այդ պատճառով ալ մրցաշարքերը կը բազմանան… մարզիկները դադարի ժամանակ գրեթէ չեն ունենար եւ դարձած են մեքենաներ… շատերու մարմինը չի դիմանար եւ յաճախ կը վիրաւորուի… միայն կը յաջողին 20 հոգիէն աւելի մարզիկներ ունեցող… Մէկ խօսքով` հարուստ խումբերը, որոնք կրնան միշտ փոխել մարզիկները մրցումէ մրցում, աւելի «թարմ» պահելու համար մկանները եւ արդիւնք ստանալու համար:

Բայց ինչպէս որ դառնանք, ֆութպոլը կը նահանջէ աստղերու առումով, բայց առաջուան նման լաւ եւ վատ ֆութպոլիստներ չկան… կան լաւ եւ շատ լաւ ֆութպոլիստներ: Տկար խումբ մնացած չէ, որովհետեւ ամէն տեղ ակադեմիաներ կան, եւ արհեստավարժութիւնը սկսած է պատանի տարիքէն:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Կրեց Իր Փորձ-Մրցումին

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կը Զօրակցի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Ափրիկէի Համար Երկու Մնայուն Աթոռներու Ստեղծման

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55

January 19, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային

January 19, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.