Մարզական

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – Ունիչախա

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Ունիչախա

Այսօր ժամը 15:00-ին Սինկափուրի մէջ Ասիոյ ախոյեան Ռիատի պիտի մրցի Եւրոպայի ախոյեան Ունիչախայի դէմ: Միջցամաքամասային ախոյեանութեան Ա. խմբակի մրցումները սկսած էին երէկ, ուր սպանական Ունիչախան 94-78 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Անկոլայի եւ Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ Տը Լուանտայի դէմ: Եանիք Մորէյրա (12 կէտ), Սլեսիօ Քասթրօ (13 կէտ, 9 ռիպաունտ) եւ Փաթրիք Կարտնըր (12 կէտ) եղան Ունիչախայի լաւագոյն մարզիկները: Սպանական...

Սալահ Կրնայ Միանալ Եուվենթուսին

Սալահ Կրնայ Միանալ Եուվենթուսին

«Էլ Նասիոնալ» կայքին համաձայն, Եուվենթուս եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն հետաքրքրուած են Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի ծառայութիւններով: Ըստ աղբիւրին, երկու ակումբներն ալ կը փնտռեն յարձակողական ոճի փորձառու ֆութպոլիստ մը եւ կը կարծեն, թէ 32 տարեկան եգիպտացին շատ լաւ տարբերակ է: Նշենք, որ վերջերս Սալահ յայտնած էր, թէ կը մտածէ հեռանալ Լիվըրփուլէն: Սալահ 2017-ին միացած էր Լիվըրփուլին եւ իր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի...

Ֆոնթ Կը Քննադատէ Լափորթան

Ֆոնթ Կը Քննադատէ Լափորթան

Պարսելոնայի նախագահութեան նախկին թեկնածու Վիքթոր Ֆոնթ սուր քննադատութեան մատնեց ակումբին այժմու նախագահ Խուան Լափորթան եւ անոր աշխատակազմը: «Երեք տարուան ընթացքին երեք տարբեր մարզական տնօրէններ, երեք գլխաւոր մարզիչներ փոխուած են: Միացած են 30 նորեկ մարզիկներ, որոնցմէ միայն 8 ֆութպոլիստներ մնացած են: Հաղորդեցինք, որ Կիւնտողանը ղրկեցինք մարզական նկատառումներով: Ինչո՞ւ կը խաբէք մարդոց: Հաղորդեցիք, որ Նիքօ Ուիլիամսի հետ պայմանագրութիւն պիտի կնքենք, իսկ աւելի...

Աննա Օհանեան. «Չելսիի Դէմ Խաղալը  Մեծ Մարտահրաւէր Է Մեզի Նման Երիտասարդ  Եւ Պայքարող Ակումբի Համար»

Աննա Օհանեան. «Չելսիի Դէմ Խաղալը Մեծ Մարտահրաւէր Է Մեզի Նման Երիտասարդ Եւ Պայքարող Ակումբի Համար»

Հայաստանի Նոա ֆութպոլի ակումբի զարգացման տնօրէն Աննա Օհանեան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մամլոյ ծառայութեան հետ զրոյցի պահուն «Քոնֆերենս լիկ»-ի վիճակաձգութեան արդիւնքներէն ետք յայտարարեց. «Շատ յուզիչ զգացական պահ էր եւ բաւական տարբեր էր զտումի վիճակաձգութիւններուն բաղդատմամբ: Շատ ոգեւորուած ենք տեսնել Չելսին` մեր մրցակիցներու շարքին: Կը ցանկայինք խաղալ Չելսիի դէմ: Կը կարծեմ, թէ Չելսիի դէմ խաղալը մեծ մարտահրաւէր է մեզի նման երիտասարդ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկայի Բաժակ.  Հայաստան Պարտութիւն Կրեց

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկայի Բաժակ. Հայաստան Պարտութիւն Կրեց

Հայաստանի ազգային խումբը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի բաժակի Բ. հանգրուանի իր մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սքոփիէի մէջ հիւսիսային Մակեդոնիայէն: Առաջին կիսախաղին Հայաստան երեք լուրջ առիթներ ձեռք ձգեց, սակայն կոլի չկրցաւ վերածել այդ առիթները: Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի ազգային խումբը չկրցաւ օգտուիլ հիւսիսային Մակեդոնիոյ կեդրոնի յետսապահ Կիոքօ Զայքովի կարմիր քարտէն, 45-րդ վայրկեանին: Ամբողջ Բ. կիսախաղին, 10...

Ֆորմիւլա 1.  Ատրիան Նիուի Պիտի Միանայ Ասթոն Մարթինին

Ֆորմիւլա 1. Ատրիան Նիուի Պիտի Միանայ Ասթոն Մարթինին

Ֆորմիւլա 1-ի ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն Ատրիան Նիուի պիտի միանայ Ասթոն Մարթինին, 2 մարտին լքելէ ետք Ռետ Պուլը` ամիսներ լուռ մնալէ ետք իր յաջորդ խումբին մասին: Ինքնաշարժի գծագրութեան մասնագէտ Նիուի գրեթէ 20 տարի Ռետ Պուլի հետ էր` խումբը պատմական քարտէսի վրայ դնելով Ֆորմիւլա 1-ի մէջ: Այս քայլով Ասթոն Մարթին հաստատեց, որ կ՛ուզէ իր ներկայութիւնը փաստել եւ պայքարիլ Ֆորմիւլա 1-ի տիտղոսին համար,...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Արժանթին Եւ Պրազիլ Պարտուեցան

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Արժանթին Եւ Պրազիլ Պարտուեցան

Հարաւային Ամերիկայի երկու «հսկայ»-ները` Արժանթին եւ Պրազիլ, 2026-ի մոնտիալի զտումին գծով պարտութիւններ կրեցին յաջորդաբար Քոլոմպիայէն եւ Փարակուէյէն: Աշխարհի ախոյեան Արժանթին առանց իր աստղ Լիոնել Մեսսիին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Քոլոմպիայէն, որ ձեւով մը վրէժ լուծեց «Քոփա Ամերիքա»-ի աւարտականի իր պարտութեան: Վուլվզի միջնապահ Երսոն Մոսքերա եւ Խամես Ռոտրիկես նշանակեցին Քոլոմպիայի կոլերը, մինչ Եուվենթուսի յառաջապահ Նիքոլաս Կոնզալես նշանակեց Արժանթինի միակ կոլը: Արժանթին...

Օտըկաարտ Վիրաւոր

Օտըկաարտ Վիրաւոր

Նորվեկիոյ ազգային խումբի խմբապետ Մարթին Օտըկաարտ ոտքին կրունկը վիրաւորեց Աւստրիոյ դէմ մրցումի ժամանակ: Արսենալի միջնապահ Օտըկաարտ երկրորդ կիսախաղին վիրաւորուեցաւ, դուրս ուղղուեցաւ դաշտէն կաղալով եւ դարմանում ստանալէ ետք վերադարձաւ դաշտ, բայց տակաւին կը կաղար եւ ցաւէ կը տառապէր մինչեւ փոխարինուիլը: Ան ձախ ոտքին վրայ սխալ ձեւով դարձաւ եւ վիրաւորուեցաւ: «Շատ գէշ էր վիճակը հանդերձարանին մէջ: Առիթ չունէր շարունակելու», ըսաւ մարզիչ Սթալը...

Քելեհըր Գոհ Չէ Լիվըրփուլի Որոշումէն

Քելեհըր Գոհ Չէ Լիվըրփուլի Որոշումէն

Այիրի ազգային խումբի եւ Լիվըրփուլի պահեստի բերդապահ Քուիվըն Քելեհըր անակնկալի եկաւ Լիվըրփուլի պատասխանատուներէն, երբ ակումբը ձեռք ձգեց Վրաստանի ազգային խումբի բերդապահ Կէորկի Մամարտաշվիլին: 25 տարեկան Քելեհըր, որ 2015-էն ի վեր Լիվըրփուլ ակումբի տարիքային խումբերէն կը խաղար եւ 2019-էն ի վեր ընդամէնը 15 մրցումներ կատարած է հիմնական կազմին հետ, շատ լաւ բերդապահ մըն է: «Վերջին քանի մը տարիներուն ես հասկցած եմ...

Ֆապիան Ռուիս Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

Ֆապիան Ռուիս Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

Սպանական «Սփորթ Էս» կայքին հաղորդումով, Ռէալ Մատրիտ յառաջիկայ տարեշրջանին կրնայ ձեռք ձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի սպանացի միջնապահ Ֆապիան Ռուիսը: Ռուիս տպաւորած է Ռէալի պատասխանատուները եուրոյի իր փայլուն ելոյթներով Սպանիոյ հետ: Բացի ատկէ, Ռուիս արդէն խաղցած է Քարլօ Անչելոթթիի նախապէս մարզած Նափոլիի հետ: Կը նշուի, որ 28 տարեկան Ռուիս, որուն պայմանագրութիւնը Փարիզի կազմին հետ կ՛երկարի մինչեւ 2027, կրնայ աւելի կանուխ հեռանալ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Պիտի Մասնակցի Գերբաժակի Մրցումներուն

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Պիտի Մասնակցի Գերբաժակի Մրցումներուն

19 հոկտեմբերին պիտի սկսին Լիբանանի գերբաժակի մրցումները` Ռիատիի, ՀՄԸՄ-ի, Սաժեսի եւ Պէյրութի միջեւ: Ռիատի պիտի մրցի Պէյրութի դէմ, իսկ ՀՄԸՄ` Սաժեսի: Յաղթական խումբերը պիտի մրցին աւարտականին, իսկ պարտուող խումբերը` 3-րդ դիրքի համար: Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, 19 եւ 20 հոկտեմբերին: . ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մասնաճիւղը, վերջերս մասնակցելէ ետք Դ. դասակարգի մրցումներուն, իր վերջին մրցումին 74-32 արդիւնքով յաղթած...

Շիյահի Տարիքային Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ – Քիու. Էֆ. Էյ.` 7-5

Շիյահի Տարիքային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ – Քիու. Էֆ. Էյ.` 7-5

Շիյահի կազմակերպած տարիքային մրցաշարքը շարունակուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի 2014-2015 ծնունդ պատանիները իրենց 4-րդ մրցումը կատարեցին եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեցին Քիու. Էֆ. Էյ. խումբին: Կոլերը նշանակեցին Մարք Արզումանեան (2 կոլ), Կարէն Սինանեան, Միքայէլ Հաժ, Արէն Գազէզեան (2) եւ Սերժիօ Սարիգամշեան: Մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Մարք Արզումանեան: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ, պատանիներու նոյն խումբը 7-5 արդիւնքով այլ յաղթանակ մը արձանագրած...

Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄՄ

Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄՄ

Այսօր ժամը 21:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ բարեկամական մրցում մը պիտի ունենայ ՀՄՄ-ի դէմ: 2024-2025 տարեշրջանի պատրաստութիւններու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ փորձ-մրցումներով կ՛ուզէ լաւապէս պատրաստուիլ բաժակի եւ ախոյեանութեան մրցումներուն: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վերջին փորձ-մրցումին. քիչ մը դանդաղ սկսելէ ետք Օլիմփիք Տմիթին դէմ, Պուրճ Համուտի տղաքը իրենք զիրենք գտան եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Գ....

Փարիզի Փարալիմփիք Խաղեր.  Հայաստան Երեք Մարզիկներով Մասնակցեցաւ

Փարիզի Փարալիմփիք Խաղեր. Հայաստան Երեք Մարզիկներով Մասնակցեցաւ

2024-ի ամառնային Փարալիմփիք խաղերը տեղի ունեցան Փարիզի մէջ` 10 օրուան վրայ: Ամառնային 17-րդ Փարալիմփիք խաղերը, որոնց կը մասնակցէին զանազան տեսակի աթլեթներ, որոնք զուրկ են անդամներէ, կոյր են կամ որոշ ձեւի սահմանափակ կարողութիւններ ունին: 4400 մարզիկներ մրցեցան 549 մետալներու համար, որոնք մասնակցեցան 20 տարբեր մարզաձեւերու: Հայաստան ունէր 3 ներկայացուցիչներ: Աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Սարգիս Ստեփանեան մասնակցեցաւ Էֆ 55 մարզական դասակարգով:...

Թենիս.  Աւանէսեան 1 Դիրքով Բարձրացաւ Ճոքովիչ Եւ Զվերեւ Փոխանակուեցան Դիրքերը

Թենիս. Աւանէսեան 1 Դիրքով Բարձրացաւ Ճոքովիչ Եւ Զվերեւ Փոխանակուեցան Դիրքերը

«Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցաշարքէն ետք թենիսի տղոց եւ աղջկանց դասաւորումներուն գծով փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան 1 դիրքով բարելաւեց իր տեղը` բարձրանալով 50-րդ դիրք: «Եու. Էս. Օփըն»-ի աղջկանց փոխախոյեան Ճեսիքա Փեկուլա 3 դիրքով բարելաւեց իր դասաւորումը եւ այժմ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` Շվիանթեքի (1) եւ Սապալենքայի (2) ետին: Առաջին 10-ի ամէնէն երէց մարզիկ Փեկուլա (30) գրաւեց ամէնէն երիտասարդ...

Ֆլիք` Օգոստոսի Լաւագոյն Մարզիչը

Ֆլիք` Օգոստոսի Լաւագոյն Մարզիչը

Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիթըր Ֆլիք ընտրուեցաւ Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի օգոստոս ամսուան լաւագոյն մարզիչը: Գերմանացի մասնագէտը, որ կը գլխաւորէ Պարսելոնան, ախոյեանութեան գծով 4 մրցումներու ընթացքին ձեռք ձգած է 4 յաղթանակ, 13 կոլ նշանակած եւ 3 կոլ ստացած: Պարսելոնա օգոստոսին յաղթած է Վալենսիային (2-1), Աթլեթիք Պիլպաոյին (2-1), Ռայօ Վայեքանոյին (2-1) եւ Ռէալ Վայատոլիտին (7-0): Թեկնածու մարզիչներու կարգին էին նաեւ Մարսելինօ Կարսիա Թորալ...

Մուսիալա Կրնայ Միանալ Մանչեսթըր Սիթիին

Մուսիալա Կրնայ Միանալ Մանչեսթըր Սիթիին

Գերմանիոյ ազգային խումբի եւ Պայերն Միւնիխ ակումբի միջնապահ Ժամալ Մուսիալա պատրաստ է իր ակումբը փոխելու, ըստ անգլիական կայքի մը: Աղբիւրի տեղեկութեան հիման վրայ, Մուսիալա կրնայ 2025-ին միանալ Մանչեսթըր Սիթիին: Կը նշուի, որ Մուսիալա յետաձգած է Միւնիխի ակումբին հետ պայմանագիրը երկարաձգելու բանակցութիւնները: Պայերնի հետ Մուսիալայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ին, եւ Պայերն կրնայ ստիպուիլ ծախել զայն, եթէ մարզիկը չփափաքի երկարաձգել: Անոր փոխանցման արժէքը...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

- ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտի կեդրոնի յետսապահ Մաթայս Տը Լիխթ, որ ամիս մը առաջ միացած էր «Կարմիր սատանաներուն»` լքելէ ետք Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը, շատ գոհ կ՛երեւի իր նոր խումբին հետ: «Ես գոհ եմ Մանչեսթըր Եունայթըտին միանալով` յաւելեալ պատճառով մըն ալ: Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին շատ աւելի հետեւող կայ, քան «Պունտըսլիկա»-ին, ըսաւ Տը Լիխթ (25 տարեկան), որ Պայերնին միացած էր 2022-ին: - ՄՆԱԼՈՎ Մանչեսթըր...

Ալպերթ Ազարեանի Յիշատակին Յարգանքի Տուրք` Պրոնզէ Արձանի Կանգնեցումով

Ալպերթ Ազարեանի Յիշատակին Յարգանքի Տուրք` Պրոնզէ Արձանի Կանգնեցումով

5 սեպտեմբերին հայ մեծանուն մարմնամարզիկ, բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հայ մարզիկ Ալպերթ Ազարեանի մահուան տարելիցն էր: Ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարզական վաստակաւոր գործիչ, Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան «Օղակներու արքային»` Ալպերթ Ազարեանի պրոնզէ արձանը տեղադրուեցաւ Կոմիտասի անուան այգիի պանթէոնին մէջ: Արձանի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն...

Թենիս.  Սինըր Շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը

Թենիս. Սինըր Շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը

Իտալացի թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը` պարտութեան մատնելէ ետք թիւ 12 թենիսմեն Թէյլըր Ֆրիցը, 6-3, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով: Սինըր քիչ մը դանդաղ սկսած էր այս մրցաշարքը, բայց մթնոլորտին մէջ մտնելէ ետք անզսպելի եղաւ մրցումէ մրցում: Սինըր շատ պարզ թենիս կը խաղայ, բայց միշտ կայուն եւ զօրաւոր հարուածներ ունի ամէն դիրքի վրայ: Ան յաճախ օգտուեցաւ մրցակիցներու...

Page 182 of 1281 1 … 181 182 183 … 1,281

Արխիւներ