Մարզական

Տիքեմպէ Մութոմպօ Ոչ Եւս Է

Տիքեմպէ Մութոմպօ Ոչ Եւս Է

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն պաշտպանողական մարզիկներէն, ծնունդով Քոնկոյի Տիքեմպէ Մութոմպօ երկուշաբթի գիշեր մահացաւ ուղեղի քաղցկեղի պատճառով: Ան մօտ 2 տարի առաջ վերաբուժութեան ենթարկուած էր ուղեղին մէջ ուռ մը ունենալուն պատճառով, որմէ ետք ան մնաց ընտանիքին հետ` հեռու մնալով լուսարձակներէն: Ան 58 տարեկանին մահացաւ (30 սեպտեմբերին) Աթլանթայի մէջ: Մութոմպօ եղած էր Տենվըր Նակեթցի (1991-էն 1996) եւ Աթալանթա Հոքսի (1996-2001) սենթըր`...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տարեշրջանը Կը Սկսի 22 Հոկտեմբերին

«Էն. Պի. Էյ.» Տարեշրջանը Կը Սկսի 22 Հոկտեմբերին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 2024-2025 տարեշրջանը կը սկսի 22 հոկտեմբերին, ուր ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս պիտի հիւրընկալէ Նիւ Եորք Նիքսը, 18-րդ ախոյեանութեան (մրցանիշ) տիտղոսի մատանիները ստանալէ ետք: Օրուան երկրորդ մրցումին, Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ պիտի ըլլայ հիւրը Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, ուր Լըպրոն Ճէյմս իր 22-րդ տարեշրջանը պիտի սկսի իր անդրանիկ զաւկին` Պրոնիի հետ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայր եւ որդի նոյն ժամանակ եւ...

Թուրք Համակիրներ Յարձակեցան ՀՄԸՄ-Վալանսի Մարզիկներուն Վրայ

Թուրք Համակիրներ Յարձակեցան ՀՄԸՄ-Վալանսի Մարզիկներուն Վրայ

Ֆրանսայի հինգերորդ դասակարգի նահանգային ախոյեանութեան գծով, Վալանս քաղաքի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-Վալանս կը մրցէր Էֆ. Սէ. Թիւրքուազ խումբին դէմ, որ թրքական համայնքի խումբն է: ՀՄԸՄ կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով կիսախաղին: 80-րդ վայրկեանին համակիրները` դժգոհ արդիւնքէն, դաշտ խուժած են եւ դաշոյններով յարձակած ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն վրայ: 2 մարզիկներ լրջօրէն վիրաւորուած են եւ փոխադրուած հիւանդանոց, մինչ ոստիկանութիւնը հասած է դաշտը պարպուելէ ետք: Ֆրանսական «Լը...

Թենիս.  Ալքարաս Յաղթեց Խաչանովին

Թենիս. Ալքարաս Յաղթեց Խաչանովին

Երէկ տեղի ունեցան Փեքինի (Չինաստան) թենիսի բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնցմէ մէկուն ընթացքին հայազգի Կարէն Խաչանով բաւական պայքարելէ ետք առաջին սեթին, երկրորդ սեթին գրեթէ «յանձնուեցաւ» աշխարհի թիւ 2 թենիսմէն Քարլոս Ալքարասին դիմաց` 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով: Կիսաւարտականին Ալքարաս պիտի մրցի ռուս Տանիլ Մետվետեւի դէմ, որ դուրս ձգեց թիւ 32 դասուած իտալացի Ֆլաւիօ Քոպոլլին` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: Թիւ 1...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ Գրաւեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի  Պարագլուխի Դիրքը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Գրաւեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի Պարագլուխի Դիրքը

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանէն ետք, Լիվըրփուլ առանձին գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Ասթոն Վիլա կրնար գրաւել Բ. դիրքը նոյնքան կէտերով (15 կէտ), սակայն չկրցաւ յաղթել Իփսուիչի դէմ մրցումին: Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի Նիւքեսըլի դաշտին վրայ նշանակեց առաջին կոլը, սակայն Նիւքեսըլ կրցաւ հաւասարիլ Բ. կիսախաղին: Պէտք է ըսել, որ Սիթի դաշտին կեդրոնը բաւական դժուարութիւն կ՛ունենայ Ռոտրիի բացակայութեան` անոր ձգած բացը գոցելու: Ռոտրի...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Արսենալ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Այսօր կը սկսին «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի Բ. շաբթուան մրցումները, ուր ամէնէն աչքառու մրցումին, Լոնտոնի մէջ, Արսենալ պիտի հիւրընկալէ ֆրանսացի «հսկայ» Փարիզ Սեն Ժերմենը: Արսենալ, որ իր դաշտին վրայ յունուարէն ի վեր չէ պարտուած, բաւական լաւ վիճակի մէջ է, սակայն «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր առաջին մրցումին Իտալիայէն ճերմակ հաւասարութեամբ վերադարձաւ, անցեալ տարուան «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթայի դէմ մրցումին: Փարիզ...

Ինթեր Եւ Թոթենհամ Կրնան Մարզիկներով Փոխանակուիլ

Ինթեր Եւ Թոթենհամ Կրնան Մարզիկներով Փոխանակուիլ

«Սերի Ա.»-ի ախոյեան Ինթեր Միլան հետաքրքրուած է Թոթենհամի բերդապահ Կույելմօ Վիքարոյով, մինչ Թոթենհամ հետաքրքրուած է Ինթերի ֆրանսացի պաշտպան Պենճամեն Փաւարտի ծառայութեամբ: Ըստ «Կոլ» կայքին, ակումբները յառաջիկայ ամրան կրնան փոխանակուիլ մարզիկները: 28 տարեկան Փաւարտ Պայերն Միւնիխի պաշտպան էր եւ կարողութիւն ունի կեդրոնի եւ ծայրի յետսապահ դիրքերուն վրայ խաղալ: 27 տարեկան Վիքարիոյի փոխանցման արժէքը կը գնհատուի 35 միլիոն եւրոյով, մինչ Փաւարտի արժէքը`...

Թենիս.  Խաչանով Յաղթեց, Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց, Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Փեքինի (Չինաստան) բաց մրցաշարքին, Կարէն Խաչանով 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆրանսիսքօ Չերունտոըն` 2 ժամ 12 վայրկեան պայքարէ ետք: Թիւ 27 դասուած Խաչանով, որ նախապէս դուրս ձգած էր սպանացի Ռոպերթօ Քարպայեւ Պայենան (6-4, 6-4), քառորդ աւարտականին պիտի մրցի աշխարհի թիւ 2 Քարլոս Ալքարասի դէմ, որ դիւրութեամբ դուրս ձգեց Թալոն Կրիքսփորը` 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով: Աղջկանց մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլինա...

Ծանրաբարձութիւն.  Աշոտ Մովսիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Աշոտ Մովսիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ շաբաթավերջին: Լէոնի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Մովսիսեան 109 քկ կշիռի մրցումներուն պրոնզէ մետալ ձեռք ձգեց` երկամարտին արձանագրելով 366 քկ կշիռ: Ան արաշէի մրցումներուն 158 քկ բարձրացուց (5-րդ դիրք), իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 208 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր պրոնզէ մետալ մըն ալ: Ախոյեան դարձաւ հարաւային քորէացի Նամ Ճի Եոն` 383...

Ռանոս Հեթ-Թրիք Իրագործեց

Ռանոս Հեթ-Թրիք Իրագործեց

Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս Գերմանիոյ Մէօնշընկլատպախ ակումբի Բ. խմբակին հետ հեթ թրիք իրագործեց շաբաթ օր Պոշոլթ խումբին դէմ, արեւմտեան շրջանի ախոյեանութեան մրցումներուն: Աւելի ծանօթ Կրանդ-Լէոն Ռանոս (Հրանդ-Լեւոն Եռանոսեան) անունով, ան 19-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: Մրցակից խումբը 2 կոլերով փոխադարձեց, սակայն Հրանդ կիսախաղէն առաջ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 57-րդ վայրկեանին Փեշ նշանակեց կոլ մը եւ 90-րդ վայրկեանին ան կոլ...

Սպանական «Հսկաներ» Հետաքրքրուած Են Պրայթընի Բերդապահով

Սպանական «Հսկաներ» Հետաքրքրուած Են Պրայթընի Բերդապահով

Պարսելոնա յառաջիկայ տարի կրնայ ձեռք ձգել բերդապահ մը: Հաւանական է, որ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն լքէ ակումբը, բայց աւելի լուրջ հարցը անոր վիրաւորուիլն է. հաւանաբար մինչեւ տարեշրջանի աւարտը վերադառնալ չկարենայ: Ուստի քաթալոնական ակումբը կը մտածէ գերմանացի բերդապահին փոխարինող գտնելու մասին: Այժմ ժամանակաւորապէս լեհ Վոյցեխ Չեսնի պիտի փոխարինէ Թեր Շթեկընը: Ըստ «Մենէյճինկ Պարսա» կայքին, հաւանական փոխարինող կրնայ ըլլալ Պրայթընի բերդապահ Պարթ Վերպրիւկըն:...

Սարրի Կրնայ Էվըրթընը Մարզել

Սարրի Կրնայ Էվըրթընը Մարզել

Իտալացի մասնագէտ Մաուրիցիօ Սարրի կրնայ ստանձնել Էվըրթըն ակումբի մարզիչի պաշտօնը: Անցեալ մարտին Սարրի հեռացաւ Լացիոյէն, զոր կը մարզէր 2021-էն ի վեր եւ այժմ անգործ է: Ըստ «Կոլ» կայքին, Էվըրթըն կը մտածէ ձեռք ձգել Սարրին` փոխարինելու համար Շոն Տայչը, որ շաբաթ օր կրցաւ իր առաջին յաղթանակը արձանագրել Քրիսթըլ Փելեսի դէմ, 4 պարտութիւններէ ետք: Իր կարգին, Սարրի ծանօթ է «Փրեմիեր լիկ»-ին, ուր...

Չելսի Պատրաստ Է Ինթեր Միլանի Հետ Փոխանակում Առաջարկելու

Չելսի Պատրաստ Է Ինթեր Միլանի Հետ Փոխանակում Առաջարկելու

Լոնտոնեան ակումբ Չելսին նոր ֆութպոլիստ կը փնտռէ կեդրոնական յարձակող դիրքը զօրացնելու համար: Անցեալ ամառ լոնտոնեան ակումբը չկրցաւ ձեռք ձգել Նափոլի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը եւ այժմ կը մտածէ ձեռք ձգել Ինթեր Միլանի յառաջապահ Լութարօ Մարթինեսը: Ըսհ «Թոտօ Ֆիչախես»-ի, Չելսի պիտի առաջարկէ Ինթեր Միլանին հետ փոխանակել Մարթինեսը երեք մարզիկներով: Այս ցուցակին մաս կը կազմեն Միխայիլ Մուտրիք, Պենուա Պատիաշիլէն եւ Քառնի Չուքվուեմեկան: Այս...

Ֆորմիւլա 1.  Լոսըն Փոխարինեց Ռիքիարտոն

Ֆորմիւլա 1. Լոսըն Փոխարինեց Ռիքիարտոն

«Ռետ Պուլ»-ի երկրորդ խումբը` «Ար. Պի.», անցեալ շաբաթավերջին նոր զելանտացի Լիամ Լոսընը նշանակեց աւստրալիացի Տանիէլ Ռիքիարտոյի փոխարէն: 22 տարեկան Լոսըն, որ 2022-էն ի վեր «Ռետ Պուլ»-ի պահեստի վարորդն է, պիտի փոխարինէ 35 տարեկան Ռիքիարտոն, այս տարուան վերջին 6 կրան փրիներուն: Սպասելի էր այս որոշումը` նկատի առնելով, որ Ռիքիարտօ գոհացուցիչ արդիւնք չէր արձանագրեր, որքան իր խմբակից ճափոնցի Եուքի Ցունոտան: Անցեալ տարի...

Եւրոպական Ֆութպոլ,  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Պայեր Լեւերքուզըն Վաղը` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Մատրիտ

Եւրոպական Ֆութպոլ, Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Պայեր Լեւերքուզըն Վաղը` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Մատրիտ

Շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան հետաքրքրական մրցումներ եւրոպական լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն ծիրին մէջ: Անգլիոյ մէջ 6-րդ դիրքը գրաւող Նիւքեսըլ, որ իր դաշտին վրայ 2 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է (Թոթենհամի եւ Սաութհեմփթընի դէմ), պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին, որ այս տարուան առաջին կէտերը կորսնցուց անցեալ շաբաթավերջին` հաւասարելով Արսենալի հետ (2-2): Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Լեսթըր Սիթին, իսկ Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ Վուլվզի: Ստորեւ` 6-րդ...

Ըստ Ակուերոյի.  «Վինիսիուսը Կ՛արժէ Ոսկի Գնդակը»

Ըստ Ակուերոյի. «Վինիսիուսը Կ՛արժէ Ոսկի Գնդակը»

Մանչեսթըր Սիթիի նախկին յառաջապահ Սերխիօ Ակուերօ խօսած է ոսկի գնդակի մրցանակաբաշխութեան մասին: «Վինիսիուս այս տարի աւելի լաւ ելոյթներ ունեցաւ, քան Էմպափէ: Ան ֆութպոլիստ մըն է, որ միշտ վտանգաւոր է: Երբ Վինիսիուս գնդակ ստանայ, մրցակիցը միշտ վտանգ կը զգայ: Ես ոսկի գնդակը կը յանձնէի իրեն, եթէ ինծի տրուէր այդ առիթը», ըսաւ արժանթինցի նախկին յառաջապահը «Ֆութ Մերքաթօ»-ին: Նշենք, որ «Ֆրանս ֆութպոլ» ամսագիրին...

Հանրի. «Ֆութպոլիստներուն Հետ  Անասուններու Նման Կը Վարուին»

Հանրի. «Ֆութպոլիստներուն Հետ Անասուններու Նման Կը Վարուին»

Ֆրանսայի ազգային խումբի եւ Արսենալի նախկին պատմական յառաջապահ Թիերի Հանրի իր կարծիքը յայտնեց ֆութպոլի «շատ խիտ» ժամանակացոյցին մասին: «Ակումբները չափազանց շատ հանդիպումներ կ՛ունենան: Ֆութպոլիստներուն հետ անասուններու նման կը վարուին: Տեսանք Եւրոպայի վերջին ախոյեանութեան (Եուրօ 2024-ին): Մարզիկներուն մեծամասնութիւնը յոգնած էր սեփական ակումբներուն հետ, շատեր իրենց ցնծութիւնը կորսնցուցած էին ֆութպոլի հանդէպ», ըսաւ Հանրի «Սի. Պի. Էս. Սփորթց»-ին: Աւելի կանուխ, Անգլիոյ եւ Սպանիոյ...

Մեսսի Պիտի Չ՛երկարաձգէ  Իր Պայմանագիրը Մայեմիի Հետ

Մեսսի Պիտի Չ՛երկարաձգէ Իր Պայմանագիրը Մայեմիի Հետ

Ինթեր Մայեմիի եւ Արժանթինի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 2025-ին կրնայ վերադառնալ Նիուելզ Օլտ Պոյզ, ըստ «Էլ Նասիոնալ»-ի: Աղբիւրին համաձայն, յառաջապահը կը մտածէ արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել Նիուելզ Օլտ պոյզի հետ, որուն հետ խաղցած է 1994-էն 2000: 37 տարեկան Մեսսիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2025-ին: Կը նշուի, որ Մեսսի լրջօրէն կը մտածէ ազատ գործակալի կարգավիճակով Նիուելզ Օլտ Պոյզի միանալու եւ այնտեղ արհեստավարժ ֆութպոլի...

Կորեցքա Հաւանաբար Մեկնի «Փրեմիեր Լիկ»

Կորեցքա Հաւանաբար Մեկնի «Փրեմիեր Լիկ»

Պայերն Միւնիխի միջնապահ Լէոն Կորեցքա դժգոհ է ակումբին մէջ իր այժմու կարգավիճակէն եւ կը փափաքի փոխել իր ակումբը ձմեռնային պատուհանի բացման ժամանակ: Ըստ «Տը Սան»-ի, Կորեցքայի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են «Փրեմիեր լիկ»-ի երկու ակումբներ: Խօսքը Լոնտոնի Ուեսթ Համի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի մասին է, որոնք պատրաստ են ձմրան մրցակցիլ ֆութպոլիստի փոխանցումին համար: Նշենք, որ Կորեցքա ներառուած չէ Պայերնի մարզիչ Վենսան Քոմփանիի ծրագիրներուն...

Թենիս.  Ալքարաս «Մասթըրզ»-ի Իր Աթոռը Ապահովեց

Թենիս. Ալքարաս «Մասթըրզ»-ի Իր Աթոռը Ապահովեց

Քարլոս Ալքարաս նոյեմբերին տեղի ունենալիք թենիսի «Մասթըրզ» մրցաշարքի իր տոմսը ապահովեց` միանալով թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըրին եւ երկու անգամ «Մասթըրզ»-ի ախոյեան Ալեքսանտր Զվերեւին: 21 տարեկան Ալքարաս, որ Ռոլան Կարոսի եւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքերը շահած էր այս տարի, արծաթ մետալ ալ շահած էր Փարիզի Ողիմպիականի խաղերուն: Աշխարհի թիւ 3 թենիսմենը, որ Ինտիըն Ուելս մրցաշարքն ալ շահեցաւ, յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով պիտի...

Page 173 of 1276 1 … 172 173 174 … 1,276

Արխիւներ