«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն պաշտպանողական մարզիկներէն, ծնունդով Քոնկոյի Տիքեմպէ Մութոմպօ երկուշաբթի գիշեր մահացաւ ուղեղի քաղցկեղի պատճառով:
Ան մօտ 2 տարի առաջ վերաբուժութեան ենթարկուած էր ուղեղին մէջ ուռ մը ունենալուն պատճառով, որմէ ետք ան մնաց ընտանիքին հետ` հեռու մնալով լուսարձակներէն: Ան 58 տարեկանին մահացաւ (30 սեպտեմբերին) Աթլանթայի մէջ:
Մութոմպօ եղած էր Տենվըր Նակեթցի (1991-էն 1996) եւ Աթալանթա Հոքսի (1996-2001) սենթըր` 5 տարիներ խաղալով անոնց հետ: Ապա մէկական եղանակ մասնակցած Ֆիլատելֆիայի, Նիւ Ճըրզի Նեթցի (այժմ` Պրուքլին), Նիւ Եորք Նիքսի եւ Հիւսթըն Ռոքեթցի հետ (2004-էն 2009):
Ան 8 անգամ մաս կազմած է «Օլ Սթար» խաղին (1992-էն 2002) եւ ընտրուած «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն պաշտպանողական մարզիկը (1995, 1997, 1998 եւ 2001): Ան 2000-ին եւ 2001-ին լաւագոյն ռիպաունտ ձեռք ձգող մարզիկն էր եւ 3 անգամ առաւելագոյն պլոք (1994-էն 1996) կատարող մարզիկը:
Ան իր ասպարէզի ընթացքին նշանակած է 11.729 կէտ` ձեռք ձգելով 12.359 ռիպաունտ եւ 3.289 պլոք: Միջին հաշուով ան 9.8 կէտ կը նշանակէր ամէն մրցումի, 10.3 ռիպաունտ եւ 2.8 պլոք:
2.18 մեթր հասակ ունեցող Մութոմպօ 21 տարեկանին լքած էր Քոնկոն` մեկնելով Միացեալ Նահանգներ, եւ պասքեթպոլ սկսած Ճորճթաուն Հոյաս համալսարանի պասքեթպոլի խումբին հետ:
«Դաշտին վրայ ան պատմութեան լաւագոյն պայքարող պաշտպանողական մարզիկներէն մէկն էր: Դաշտէն դուրս սիրտը բաց էր եւ պատրաստ բոլորին օգնելու», ըսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի գործող նախագահ Ատամ Սիլվըր:
Նշենք, որ բարեսիրական գործերով հարուստ ասպարէզ մը ունէր: Ան բարեսիրական հաստատութիւն մը հիմնած էր 1997-ին` զարգացնելու Քոնկոյի մէջ ժողովուրդին ապրելակերպը: 2004-ին Շոն Պրատլիի, Մալիք Ռոզի եւ Տը Սականա Տիոփի հետ Ափրիկէ շրջեցաւ` պասքեթպոլը աւելի եւս ծանօթացնելու «Էն. Պի. Էյ.»-ի շնորհիւ:
2007-ին անոր բարեսիրական գործերը ձեւով մը վարձատրելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ անոր ամերիկեան հպատակութիւն շնորհեց:
Ան 2006-ին կառուցեց նաեւ հիւանդանոց մը իր մահացած մօր անունով, ինչպէս նաեւ դպրոց մը` իր հօր անունով, 2020-ին: