Ֆրանսայի հինգերորդ դասակարգի նահանգային ախոյեանութեան գծով, Վալանս քաղաքի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-Վալանս կը մրցէր Էֆ. Սէ. Թիւրքուազ խումբին դէմ, որ թրքական համայնքի խումբն է:
ՀՄԸՄ կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով կիսախաղին: 80-րդ վայրկեանին համակիրները` դժգոհ արդիւնքէն, դաշտ խուժած են եւ դաշոյններով յարձակած ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն վրայ: 2 մարզիկներ լրջօրէն վիրաւորուած են եւ փոխադրուած հիւանդանոց, մինչ ոստիկանութիւնը հասած է դաշտը պարպուելէ ետք:
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» ամսաթերթի փոխտնօրէն Ժան Քրիսթոֆըր Փուիսիոն գրած է. «Շրջանային ֆութպոլի հանդիպումի պահուն թուրք համակիրներ` դժգոհ ըլլալով իրենց «Թիւրքուազ» խումբին պարտութենէն (2-0), դանակներով յարձակած են հայկական ծագում ունեցող ֆութպոլիստներու վրայ: Ասիկա կը կոչուի ցեղապաշտութիւն ենթահողի վրայ»:
Թուրք համակիրներ եւ մարզիկներ արդէն իսկ իրենց ձեռքով կ՛ընէին Գորշ քայլերու նշանները մրցումի սկիզբէն` վատ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով: